2015-05-16 10:01:00

17 Մայիսին կը նշուի ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 49 օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աւանդել Ընտանիքը իբր հանդիպման առանձնաշնորհեալ միջավայր, սիրոյ առատապարգեւ բաշխումով'' այս է Ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 49 օրուայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամի բնաբանը, զոր ներկայացուած էր անցեալ 23 յունուար 2015-ին, եւ զոր կը նշուի Կիրակի 17 Մայիսի 2015-ին։

Եկեղեցւոյ համար կենդրոնական հիմնական տեղ կը գրաւէ ''Ընտանիքը'' որուն վերջերս նուիրուեցան  երկու Սիւնհոդոսներ`նախորդ տարուան գումարուած արտակարգ Սիւնհոդոսը ու յառաջիկայ հոկտեմբերին գումարուելիք  կանոնաւոր Սիւնհոդոսը։

Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին որպէս օրինակ ընտրեց Ղուկասի Աւետարանէն, Աստուածածնի Եղիսաբեթի կատարած այցելութեան դրուագը (Ղուկ Ա. 39-56), ուր մարմնի արտայայտչականութեան միջոցաւ կը կատարուի երկխօսութիւն մը, ինչպէս կը հաստատէ Եղիսաբեթ՝  ''Մանուկը խայտաց արգանդիս մէջ''։  Հետեւաբար արգանդը հաղորդակցումի եւ երկխօսութեան առաջին վայրը կը հանդիսանայ։

Աշխարհ գալէն ետք, կերպով մը տակաւին ''արգանդի'' մը մէջ կը գտնուինք, այդ արգանդը ընտանիքն է։ Արգանդ մը, որ կազմուած է զանազան անձերէ, որոնք իրար հետ կը գտնուին սերտ յարաբերութեան մէջ։ Ընտանիքին մէջ կը սկսինք սորվիլ մայրենի լեզուն, որ եկած է մեր նախնիքներէն։ Այսպէս՝ սերունդներ յաջորդած են իրարու, փոխանցելով լեզուն՝ որ է հաղորդակցութեան միջոց ։

Ընտանիքի մէջ կը կատարուի նաեւ հաղորդակցութեան հիմնական կերպը՝ աղօթքը։ Ընտանիքին մէջ կը սորվինք հաղորդակցութեան կրօնական տարածքը` որ կը բացայայտէ թէ քրիստոնէութեան մէջ, ամէն ինչ տոգորուած է Աստուծոյ սիրով, զոր մեզի շնորհուած է ու մենք մեր կարգին զայն կը շնորհենք ուրիշներուն։

Ընտանիքը առաջին հերթին կարողութիւնն է գրկախառնումի, իրարու օգնելու, ընկերակցելու, լուռ նայուածքները ըմբռնելու, միասնաբար ծիծաղելու եւ արցունք թափելու։ Ընտանիքը այն վայրն է, ուր միասնական կենցաղով կը փորձարկուին անհատական եւ ուրիշներու սահմանները, համակեցութեան փոքր ու մեծ խնդիրները, համաձայնութեան հանգելու կերպերը։

Չկայ կատարեալ ընտանիք, ամէն տեղ կան անհամաձայնութիւններ. ասոր համար ընտանիքը նաեւ ներողամտութեան ուսուցումի դպրոց մըն է։ Ներումը հաղորդակցութեան զօրութենականութիւնն է։

Յատկապէս ընտանիքներ, որոնք ունին որոշ սահմանափակումներով երեխաներ՝ մեզի շատ բան ունին սորվեցնելիք։ Այս սահմանափակումները կրնան առիթ շնորհել ծնողքին, եղբայրներուն, քոյրերուն եւ բարեկամներուն՝ սէր ցուցաբերելու. կրնան խթան ըլլալ սիրտն ու հոգին բանալու եւ բաժնեկցելու, առանց բացառելու որեւէ անհատ։

Շաղփաղփութիւններով եւ չարախօսութիւններով լի աշխարհի մը մէջ, ընտանիքը կրնայ օրհնաբեր դպրոց մը  ըլլալ հաղորդակցութեան։ Ներկայի հաղորդամիջոցները կարելի չէ այլեւս անտեսել։ Անոնք կրնան խոչընդոտ հանդիսանալ հաղորդակցութեան եւ կամ օժանդակել անոր։ Կրնան խոչընդոտել, եթէ կղզիացումի առիթ ըլլան։ Գիտութեան նուաճումները պէտք չէ մեզ առաջնորդեն, այլ պէտք է ենթարկուին մեր ուղղամիտ գործածութեան։ Հետեւաբար՝ ներկայիս մարտահրաւէր մըն է տեղեկութիւնները վերատեսել եւ ապա պատմել կամ հաղորդել զանոնք եւ ոչ միայն արտադրել եւ սպառել։

Վերջապէս՝ ընտանիքը առարկայ մը չէ, որ ենթակայ է քննարկումի, կարծիքներու եւ գաղափարախօսական պայքարներու՝ այլ միջավայր մըն է ուր կը սորվինք հաղորդակցիլ. ընտանիքը հաղորդակցող հասարակութիւն մըն է։ Հասարակութիւն մը, որ գիտէ ընկերակցիլ, տօնախմբել եւ պտուղներէն օգտուիլ։ Հետեւաբար ընտանիքը առատ աղբիւր մըն է եւ ոչ միայն տագնապի մէջ գտնուող խնդիր մը, կամ հաստատութիւն մը։

Հաղորդամիջոցները երբեմն կը ներկայացնեն ընտանիքը իբր վերացական կառոյց մը, որ կարելի է ընդունիլ կամ մերժել, պաշտպանել կամ գրոհել. Մինչ՝ ան շօշափելի իրականութիւն մըն է, որ պէտք է ապրիլ։ Ընտանիքը երբեմն կը ներկայացուի իբր գաղափարախօսութիւններու ընդհարում մը, մինչ ան՝ այն վայրն է, ուր բոլորս կը սորվինք՝ թէ ինչ կը նշանակէ սիրոյ ընկալման եւ շնորհման միջավայրի մէջ, հաղորդակցիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.