2015-05-15 09:24:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մէջ կը սրբադասէ չորս կրօնաւորուհիներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 17 Մայիսի առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը,  խորաններու պատուոյն պիտի բարձրացնէ չորս կրօնաւորուհիներ` ֆրանսացի Jeanne Emilie de Villeneuve (1811-1854), երկու պաղեստինցիներ` Mariam Bawardi (1846-1878)  եւ  Marie-Alphonsine Ghattas (1843-1927) et մէկ իտալացի` Maria Cristina  (1856-1906) ։

Սրբազան արարողութեան կը մասնակցին Պաղեստինի նախագահը տիար  Mahmoud Abbas, ինչպէս նաեւ ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար` Bernard Cazeneuve ընկերակցութեամբ խումբ մը հաւատացեալներու։

ֆրանսացի կրօնաւորուհի քոյր Jeanne Emilie de Villeneuve ծնած է Թոլոզա 9 Մարտ 1811-ին։  Հիմնած է Անարատ Յղութեան միաբանութիւնը  ու վախճանած է ժանտախտէ` 2 Հոկտեմբեր 1854-ին 41 տարեկանին։ Անոր հիմնած միաբանութիւնը ներկայիս ունի 700 կրօնաւորուհիներ որոնք կը գործեն աւելի քան 15 երկիրներու մէջ ընկերային լայն աշխատանք տանելով։ Ունին 50 ճեմարաններ,  յաճախուած ամէն տարի աւելի քան 35 հազար աշակերտուհիներէ։

Պաղեստինցի երկու սրբուհիները։

- Mariam Bawardi  ծնած է Գալիլիայի Ibillin գիւղին մէջ, ապրելով դժուար պայմաններու մէջ մանկութիւն մը։ 19 տարեկանին կը մտնէ Ս. Յովսէփի միաբանութիւնը` Մարսիլիա։ Բեթղեհէմի մէջ կը հիմնէ կարմելեան միաբանութիւնը։ Իր կեանքին ընթացքին կ՛ընդունի սպիներու շնորհքը։ Ան յաճախ կը յափշտակուէր ու Յիսուսի հետ կը խօսէր։ Վախճանեցաւ փտախտով 1878-ին  33 տարեկանին։ 

- Marie-Alphonsine Danil Ghattas ծնած է Երուսաղէմ։ 20 տարեկանին անդամ կը դառնայ Ս. Յովսէփի միաբանութեան։ Ան յատուկ սէր ունէր Ս. Կոյս Մարիամին հանդէպ, Տիրամայրը իրմէ խնդրած է միաբանութիւն մը հիմնել նուիրուած ս. Վարդարանի աղօթքին։ Ան իր կեանքը նուիրեց մանուկներուն, ընչազուրկներուն ու ծերերուն, յատուկ պայքար մղելով բարոյական աղքատութեան դէմ։ Վախճանեցաւ 1927-ին։

Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքին գնահատումով երկու պաղեստինցի կրօնաւորուհիներու սրբադասումը Պաղեստինի համար յոյսի նշան են։ 

Չորրորդ սրբադասուողը իտալացի կրօնաւորուհի Maria Cristina Brandoն է որ հիմնադիրը եղած է տառապեալ Յիսուսի միաբանութեան, որ ծնունդ տուած է բազմաթիւ իգական վանքերու­։








All the contents on this site are copyrighted ©.