2015-05-15 13:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Կենդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան եպիսկոպոսները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 15 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ունկնդրութիւն շնորհեց Կենդրոնական Ափիրկէի Հանրապետութեան եպիսկոպոսներուն՝ անոնց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով։

Սրբազան Պապը ողջունեց եպիսկոպոսները, եւ յանձինս եպիսկոպոսներուն՝ անոնց գործակիցներն ու հօտը, եւ անդրադարձաւ անոնց ժողովուրդներու կրած տառապանքներուն եւ հաւատքի հաւատարմութեան ու վկայութեան, յիշելով՝ որ ցաւի եւ տառապանքի մէջ՝ Խաչեալ եւ Յարուցեալ Քրիստոս կը հանդիսանայ յոյսն ու մխիթարութիւնը։

Ապա, Ֆրանչիսկոս Պապ կենդրոնացաւ եպիսկոպոսներուն պարտականութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն վրայ, որ բովանդակեց քանի մը կէտերու մէջ, նշելով՝ աւետարանումի եւ քրիստոնէական ուսուցման կարեւոր առաքելութեան հաւատարիմ գործադրումը, ընկերային պատասխանատուութիւնները՝ առանց միջամուխ ըլլալու քաղաքականութեան մէջ, քահանաներու եւ կրօնաւորական կեանքի նուիրուած անհատներու խնամքը, եւ ընտանիքներու համար տարուած հովուական աշխատանքը՝ ամուսնական կեանքի քրիստոնէական հասկացողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.