2015-05-15 10:42:00

Կենտրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան եպիսկոպոսները վատիկանի մէջ։ Տեղեկութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 15 Մայիսին­, Կենտրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան եպիսկոպոսները ժամանեցին Վատիկան իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Կենտրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւնը ունի  622,984 քմ քառակուսի տարածք եւ շուրջ 4.709,000 բնակչութիւն որուն 50% քրիստոնեաներ են, ու ասոնց 36% կաթողիկէ (1.636.000), բողոքականները կը ներկայացնեն բնակչութեան 14%, մահմետականները 15%  եւ 35% կը հետեւի աւանդական կրօններու։ 

Կենտրոնաափրիկէի հանրապետութիւնը իր անկախութիւն ստացաւ 13 Օգոստոս 1960-ին։ Կենտրոնաափրիկէ անուանումը ստացած  է Ափրիկէի մէջ գրաւած իր աշխարհագրական դիրքին պատճառաւ։ Անիկա աշխարհի ամենէն աղքատ երկիրներէն մէկն է։

Եկեղեցական կառոյցը։

Կաթողիկէ եկեղեցին ներկայ է արքեպիսկոպոսական թեմով եւ 8 ենթա-եպիսկոպոսական թեմերով։ Գոմպոնեան հայրերը  եղան առաջին առաքեալները  (1846-1878), անոնց յաջորդեցին Ս. Հոգւոյ միաբանութեան հայրերը, որոնք աշխատեցան ներքին հողամասերու մէջ Աւետարանը քարոզելով։ 1929-ին Ս. Հոգւոյ կրօնաւորուհիները մուտք գործեցին։ Բնիկ առաջին քահանան ձեռնադրուեցաւ 1938-ին։ 14 Սեպտեմբեր 1955-ին կը հաստատուի Կենտրոնաափրիկէի նուիրապետութիւնը եւ մայրաքաղաք Բանգին կը դառնայ արքեպիսկոպոսական թեմ։ Բնիկ առաջին եպիսկոպոս կ’օծուի գերապայծառ Joachim N'Dayen եւ  կը դառնայ օգնական եպիսկոպոս Բանգի թեմին։

1978-2004 կը ստեղծուին 8 եպիսկոպոսական թեմեր։ 14 Օգոստոս 1985-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը առաքելական այցելութիւն կը կատարէ տեղւոյն քրիստոնեաներուն։

Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը Կենտրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան մէջ։ 

Եկեղեցին կ’ապրի երկրի մը մէջ մատնանշուած պատերազմով ու աղքատութեամբ, որպէս անմիջական հետեւանք բռնատիրական վարչաձեւին, պետական հարուածներով, քաղաքական բռնութիւններով ու միջցեղախմբային ընդհարումներով։

Հակառակ որ կէս դար անցաւ անոր անկախութեան ֆրանսայէն, տակաւին չէ գտած իր խաղաղութիւնը։

Կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան 36% բաժնուած աւելի քան հարիւր ժողովրդապետութիւններու մէջ։ Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 9 թեմեր ունի։ Քահանաներու թիւը աւելի քան 300 է, 5 մնայուն սարկաւագ եւ աւելի քան 300 կրօնաւորուհիներ, իսկ կրօնուսոյցները աւելի քան 5 հազար են։  Քահանայական կոչումներու մեծ թիւը ոյժը կը կազմեն Կենտրոնական Ափրիկէ հանրապետութեան  եկեղեցւոյ, շնորհիւ երիտասարդ  հաւատացեալներու հաւատքի լաւ կազմաւորումին։ Տեղական եկեղեցին կ’աշխատի դառնալ տնտեսապէս ինքնաբաւ, ներկայիս ան կախում ունի դուրսի օգնութիւններէն։
Երկրի քաղաքական անկայուն իրավիճակը մեծ արգելք մըն է Եկեղեցւոյ ընկերային աշխատանքին ու բարգաւաճումին։ Եկեղեցւոյ համար յոյժ կարեւոր է Աւետարանի զօրակցութեան քարոզութիւնը գոհացում տալու բնակչութեան անհամար պահանջքներուն։ Այս տարի եկեղեցւոյ  յայտագիրը կը կեդրոնանայ առողջապահութեան, դաստիարակութեան ու մարդկային բարգաւաճումի վրայ։ Երկրին բոլոր տարածքին եկեղեցին հիմնեց դարմանատուներ, դեղարաններ ու դպրոցներ։  Եկեղեցւոյ համար առաջնահերթ կը մնայ` խաղաղութեան ու հաշտութեան հաստատումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.