2015-05-15 10:45:00

Իսրայէլի մշակոյթի օրեր Հայաստանի մէջ


Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգական պետական թատրոնին մոէջ Մայիս 15-ին, ժամը 19:00-ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ Իսրայէլի մշակոյթի օրերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը եւ Կալա համերգ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Համերգին կատարումներով հանդէս պիտի գան Իսրայէլի «Աշտոտի ծաղիկներ» մանկական էսդրատային անսամպլը, Tet-a-tet պարային անսամպլը եւ «Օրա տենս» պարախումբը: Ձեռնարկին ներկայ պիտի գտնուի Իսրայէլ-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ, Քնեսէթի պատգամաւոր Զէեւ Էլգինը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.