2015-05-15 09:47:00

2015՝ կրօնաւորական կեանքի տարի


Նախապէս ըսուեցաւ թէ իրողութիւն մըն է` որ քահանայական դասը երկար շրջաններէ ի վեր չէ կրցած իր ծոցէն հանել այնպիսի անձեր, որոնք թէ, թուով եւ թէ եկեղեցւոյ համար իրենց բերած մտաւոր, բարոյական եւ հոգեւոր նպաստեներուն առաւելութիւնով հաւասարէին կուսակրօններուն: Այս պատճառաւ, ժողովուրդը աւելի գոհ եղած էր կուսակրօններէն. վարդապետը կամ եպիսկոպոսը` իբրեւ աւելի գիտուն եւ հոգելից` յարգ գտած ու յառաջացած է:

                Իսկ ներկայ ժամանակին, խիստ յաճախ կը խօսուի ու կը գրուի կրօնի մասին իբր թէ ան դիւրին եւ հասարակ նիւթ մը ըլլայ: Կը վիճին անոր ազդեցութեան եւ այս վերջինը զօրացնելու միջոցներուն վրայ: Եւ գրեթէ առանց բացառութեան նկատուած կրօնական ամէն տկարութիւն կը վերագրեն մասնաւորապէս կուսակրօնութեան, վճռական շեշտով մը կ՛եզրակացնեն եւ կը պահանջեն անգամ անոր անմիջական եւ բնաջինջ բարձումը, ըսելով թէ կուսակրօնները գայթակղութեան քարեր կ՛ըլլան միայն, տեղի կու տան հեշտասիրութեան ու զեղծ կեանքի, աւելի գիտնասէր են քան կրօնասէր եւ այլն:

                Որոշ ճշմարտութիւններ կան այս դժգոհութիւններու մէջ: Ժողովուրդը իրաւունք ունի բողոքելու իր կրօնին պաշտոնէին զեղծումներուն դէմ եւ զգաստացուցիչ միջոցներու իսկ դիմելու` անոր նկարագրին լեզուին ու գրչին անհամեստ գայթակղեցուցիչ ու վիրաւորիչ յայտնութիւններուն հանդէպ: Սակայն կուսակրօն անձին վրայէն մտովի վերացնել մարդկութիւնը, հոգիացնել զայն բոլորովին եւ իբր անմարմին էակ` արգիլել անոր պատահական, թեթեւութիւններուն, շարունակ տարակոյսի տակ դնել իր կրօնական անկեղծութիւնը, ասիկայ առողջ քննադատութիւն չէ:

                Խորապէս հաւատալի է, որ եկեղեցի մը իր գոյութեան խարիսքները ապահով դիրքերու վրա՛ փոխադրած կ՛ըլլայ այն օրէն, երբ ուժգնակի եւ պայծառ գիտակցութիւններով կը փարի իր սեփական նկարագիրը ցոլացնող գեղեցիկ անհատականութեանց, նախնիքներուն, որոնց յիշատակը տօնելով յաւերժացուցած է: Բայց հանդուրժելի չէ որ այս կրօնական առհաւութիւնը, այսինքն նախնեաց կրօնական կարծիքներուն, կեանքին ու գործերուն նկատմամբ ցոյց տրուելիք սիրելութիւնն ու տպաւորիչ պատկառանքը ստեղծեն կոյր տրամադրութիւն մը կամ անգիտակից պաշտում մը: Որքան ալ բազմաթիւ չըլլան այն պատմական հիմերը, որոնց վրայ կրնան ցոյց տրուիլ բարոյական այն բոլոր թերութիւնները, որոնք ենթակայ եղած են անհրաժեշտաբար մեր հին հոգեւորականները, ասոր հետ մէկտեղ չենք կրնար բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներու կղերին մէջ բացառութիւն մը նկատել մերինը: Մարդկային բնութենէն անբաժան կտարութիւններ կան մարդուն ներսը, հետեւաբար աւելի կամ նուազ չափոփ անոնցմէ ունեցած պիտի ըլլան անշուշտ մեր հին կուսակրօններն եւս: Սակայն այնպէս չկարծուի թէ հինով արդարացում մը կարելի է ընել կամ գտնել նոր ժամանակներու ամուրի եկեղեցականութեան թերութիւններն եւ այլմն: Հաւասարապէս դատապարտելի են այս ամէնը, հինէն եկած ըլլան անոնք թէ այսօր միայն տեսնուին, եկեղեցիի հայրապետ մ՛ըլլայ զանոնք գործողը թէ պարզ դպիր կամ վանաբնակ մը: Նկատողութեան արժանի կէտը այն է, թէ ինչ որ կուսակրօն անհատական բարոյականին հետ կապուած վրիպանք էին` հիները ուղղակի անհատին նկարագրին կը վերագրէին զանոնք` ջանալով ուղղութեան բերել: Ուստի ոչ այնչափ արդարացի ընդհանրացումով` այդ դրութեան հետեւող բոլոր անհատները, միշտ բան մը կը տուժեն հասարակաց կարծիքին առջեւ իրենց արժանիքէն:   

Շարունակելի









All the contents on this site are copyrighted ©.