2015-05-14 08:20:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին աղօթքը Ողորմութեան Յոբելինական տարւոյն առիթով։


Տէր Յիսուս Քրիստոս,

 

Դուն մեզի սորվեցուցիր՝ ըլլալ ողորմած՝ երկնաւոր Հօր նման.

մեզի ըսիր՝ թէ այն անձը, որ քեզ կը տեսնէ՝ կը տեսնէ Հայրը։

Ցոյց տուր մեզի քու դէմքդ՝ եւ մենք պիտի փրկուինք։

 

Քու սիրազեղ նայուածքդ ազատեց Զակքէոսն ու Մատթէոսը դրամի ստրկութենէն.

ազատեց պոռնիկը եւ Մագթաղենացին՝ իրենց ուրախութիւնը միայն արարածի մը մէջ դնելէ.

արտասուել տուաւ Պետրոսին՝ ուրացումէն ետք,

եւ ապահովցուց դրախտը՝ զղջացեալ աւազակին։

Տուր, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ իբր իր անձին ուղղուած ընկալէ այն խօսքը, որ ըսիր սամարացի կնոջ՝ Եթէ ճանչնայիր Աստուծոյ պարգեւը։

 

Դուն անտեսանելի Հօր տեսանելի դէմքն ես,

այն Աստուծոյ, որ իր ամէնակարողութիւնը ցոյց կու տայ, մասնաւորապէս՝ ներողամտութեամբ եւ ողորմութեամբ։

Տուր, որ եկեղեցին աշխարհի վրայ ըլլայ քու տեսանելի դէմքդ՝ որ Տէրն ես՝ յարուցեալ փառքով։

 

Ուզեցիր, որ քու պաշտօնեաներդ՝ թէկուզ իրենց տկարութիւններով՝

ցուցաբերեն արդար կարեկցութիւնը անոնց հանդէպ, որոնք անգիտութեան եւ սխալի մէջ են.

Տուր, որ որեւէ անձ, որ անոնց կը դիմէ ինքզինք զգայ ընկալուած, սիրուած եւ ներում գտած Աստուծմէ։

 

Առաքէ´ քու Սուրբ Հոգիդ եւ մեզ բոլորս սրբագործէ իր օծութեամբ,

որպէսզի Ողորմութեան Յոբելեանը ըլլայ Տիրոջ շնորհքի տարի մը

եւ քու Եկեղեցիդ նորոգեալ խանդավառութեամբ կարենայ աղքատներուն փոխանցել ուրախ պատգամը,

հռչակել բանտարկեալներուն եւ ընկճուածներուն ազատութիւնը

եւ վերականգնել կոյրերուն տեսողութիւնը։

 

Այս կը խնդրենք Մարիամի, Ողորմութեան Մօր բարեխօսութեամբ,

Քեզմէ՝ որ կենդանի ես եւ կը թագաւորես Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյն հետ, յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.