2015-05-14 08:33:00

ՏԱՀԵՇ-ի թիւ 2 ղեկավարը սպաննուեցաւ


Իրաքի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի թիւ 2 ղեկավար Ապտուլրահման Մուսթաֆա Մոհամետ, որ ծանօթ էր Ապու Ալա Աֆրի անունով, հիւսիսային Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմի միջազգային դաշնակից ուժերու օդային հարուածին ընթացքին սպաննուած է:

Ան կը գտնուէր Թել Աֆար շրջանի մզկիթներէն մէկուն մէջ, երբ օդային հարուածի թիրախ դարձած է: Ան այդտեղ հանդիպում կ՛ունենար տասնեակներով զինեալներու հետ, որոնք եւս սպաննուած են:

Վերջին շաբաթներուն շրջանառութեան մէջ դրուած էին ոչ հաստատ տեղեկութիւններ, թէ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատիի վիրաւորուելուն պատճառով Ապու Ալա Աֆրի ժամանակաւորապէս ստանձնած է խմբաւորման գործողութիւններու ղեկավարութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.