2015-05-14 08:51:00

Ս. Աթոռը եւ Պաղեստինը պատրաստ են ամբողջական համաձայնութիւն մը ստորագրելու։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Աթոռը եւ Պաղեստինը պատրաստ են ամբողջական համաձայնութիւն մը ստորագրելու յայտնեց գերապայծառ Անթուան Քամիլլերի Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութեանց նախարարութեան ենթաքարտուղարը, Օսսերվաթորէ Ռոմանօ, վատիկանեան օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, արտայայտուելով Սուրբ Աթոռ - Պաղեստին երկկողմանի յանձնախումբի աշխատանքի աւարտումի մասին։  

''Ո՞րն է իմաստը այս համաձայնութեան'' հարցումին  գերապայծառ Քամիլլերի պատասխանեց. ''Այդ համաձայնութիւնը պտուղն է այն հիմնական համաձայնութեան որ Ս. Աթոռը եւ Պաղեստինը ստորագրած էին 15 Փետրուար 2000 թուականին։ Յիշենք որ պաշտօնական յարաբերութիւնները երկու իշխանութիւններու միջեւ հաստատուեցան 26 Հոկտեմբեր 1994-ին, որմէ ետք կազմուեցաւ մնայուն երկկողմանի յանձնախումբ մը։ Ս. Աթոռի զանազան պետութիւններու հետ ստորագրած համաձայնագրերը կը նպատակադրեն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրաւական ճանաչումը ու անոր կեանքի ու գործունէութեան բարւոքումը լաւագոյն ծառայութիւն մը մատուցանելու ընկերութեան''։

Պատասխանելով  ապա Իսրայէլի հետ  յարաբերութիւններու մասին, գերապայծառ Քամիլլերի ըսաւ. ''Իսրայէլի պետութեան հետ բանակցութիւնները 1992էն սկսեալ ունեցան նշանակալից զարգացում եւ նոյնպէս կազմուեցաւ խառն յանձնախումբ մը։ Նոյեմբեր 1997-ին Իսրայէլը ստորագրեց  Համաձայնագիր մը որով կը ճանչնայ կաթողիկէ հաստատութիւններու իրաւասութիւնը։ Ըսենք որ Իսրայէլի ու Պաղեստինի հետ համաձայնութիւնները կը հային կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայութեան Ս. Երկրին մէջ։ Ս. Աթոռի եւ Պաղեստինի միջեւ ամբողջական համաձայնութիւնը բնականաբար կարող է անուղղակիօրէն դրական նպաստ ունենալ` Պաղեստինի անկախ, ինքնավար ու հանրավար Պետութեան ճանաչումին միջազգային հասարակութեան կողմէ ու սատարել Պաղեստինի ու Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան ու այդ հողամասի անվտանգութեան։

Ս. Աթոռը ու տեղական Եկեղեցին այդ ուղղութեամբ պատրաստ են համագործակցելու երկխօսութեան ճամբով մշտական խաղաղութեան յանգելու համար - հաստատեց գերապայծառ Քամիլլերին։

Նշենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, շաբաթ 16 Մայիսին,  Վատիկանի մէջ պիտի ընդունի Պաղեստինի  նախագահ Մահմուտ Ապպասը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.