2015-05-14 08:16:00

Հինգշաբթի 14 մայիս 2015, Տօն Քրիստոսի Համբարձման


Համբարձումը՝ Քրիստոնէական տօնակատարութիւն մըն է.  եւ հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին կողմէ ընդունուած  ամենէն ուրախ տօներէն մէկը։

Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի կեանքին հետ կապուած տնօրինական դրուագներու վերջինը կը հանդիսանայ Համբարձումը.

Իր հրաշալի Յարութենէն ետք, Յիսուս բազմաթիւ առիթներով երեւցաւ իր աշակերտներուն երբեմն մասնակի եւ երբեմն ալ հաւաքաբար։ Աւետարանիչները բազմաթիւ վկայութիւններ եւ փաստեր տուած են Յիսուսի յետ  Յարութեան հանդիպումներու մասին. 40-րդ օրը (յետ Յարութեան) Յիսուս իր  11 աշակերտներուն հետ Ձիթենեաց լեռ բարձրացաւ ու յայտնեց անոնց ըսելով. ´´ Երբ Ս. Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք ու իմ վկաներս պիտի ըլլաք Երուսաղէմի , Հրէաստանի. Եւ Սամարիայի մէջ մինչեւ աշխարհի ծայրամսերը՝՝։ Երբ կ՝արտասանէր այս խօսքերը, Յիսուս երկինք կը բարձրանայ մինչեւ որ ամպերը ծածկեն զԻնք աշակերտներուն տեսողութենէն։ Այս պատուիրանին համաձայն Թադէոս ու Բարդողոմէոս Առաքեալները Հայաստան կու գան  հիմնելու Հայոց  Եկեղեցին։

Մեր ժամամուտը սքանչելիօրէն կը մեկնաբանէ աշխարհէս հրաշալի վերացումը Քրիստոսի։ Իսկ շարականագիրը կը նկարագրէ հիացմունքը վերնականներուն, այսինքն երկնքի բնակիչներուն, որոնք կը տեսնեն թէ ինչպէս անձ մը կը բարձրանայ երկրէն եւ կու գայ դէպի երկինք. Անոնք կը բացագնաչեն. Ո՞վ է սա որ դիմեալ գայ յերկրէ, այսինքն ո՞վ է այս անձը որ երկրէն կու գայ դէպի մեզ։ Սա մարդացեալ Քրիստոսն է որ, կու գայ վերագրաւելու իր փառքի աթոռը, սակայն ան զգեցած է մարդկային մարմին եւ զայն փառաւորելու համար է որ կը վերանայ դէպի երկինք, պահելով իր մէջ երկու բնութիւնները, մարդկայինն ու աստուածայինը, յաւիտենականօրէն։

Համբարձման տօնը, նաեւ հայկական շատ ժողովրդական տօն մըն է. ան կը պատահի ընդհանրապէս գարնան կէսերուն եւ առիթ կու տայ ժողովուրդին երթալու դէպի դաշտերն ու լեռները եւ զանազան խաղեր, մրցումներ ընելու, արական խումբերու համար, իսկ կիներուն ու աղջիկներուն սովորութիւնն է Համբարձման վիճակ քաշել եւ անով զուարճանալ, ինչպէս նաեւ զանազան երգեր ու պարեր կատարել։

Երջանիկ ապագայի յոյսով  վիճակ ձգելու այս գեղեցիկ սովորութիւնը  ժողովուրդին  մէջ յայտնի է ՜՜Ջան Գիւլիմ՝՝ անունով.

Դէ հանիր աղջի

Վիճակն ի բարին

Երգերով գովենք

Էն իգիթ եարին։

կամ՝ Եկաւ համբարձում

Ծաղկով զարդարուած

Մեր բախտին հարցում

Ո՞վ է մեզ գրուած....

Տակաւին շատ մը գիւղերու եւ նոյնիսկ քաղաքներու մէջ այս սովորութիւնը կը մնայ եւ առիթ կու տայ ժողովրդական աւանդութիւններու յաւերժացումին։

Ըստ ժողովրդական աւանդութեան՝ Համբարձման գիշերը բոլոր ծաղիկներն ու բոյսերը  կը սկսին իրար հետ զրուցել եւ ըսել, թէ իրենք ի՞նչ ցաւ կրնան բուժել, կամ իրենց արմատներուն մօտ ի՞նչ գանձ կայ պահուած։ Ահա այս պատճառով մարդիկ այդ գիշեր կը փորձեն հասկնալ ծաղիկներու լեզուն որպէսզի իմանան անոնց գաղտնիքները։

 Համբարձման տօնը շատ գունեղ և գեղեցիկ կերպով  նարեկայացուած է Յովահաննէս Թումանեանի «Անուշ» բանաստեղծութեան մէջ։

Համբարձման գիշերուայ  մասին հայոց մեծ բանաստեղծը  գրած էր.

Համբարձման գիշեր, էն դիւթիչ գիշեր

Կայ հրաշալի երջանիկ վայրկեան

Բացւում են ոսկի երկնքի դռներ,

Ներքեւ պապանձում, լռում ամէն բան,

Ու Աստուածային անհաս խորհրդով

Լեցւում բովանդակ  անոր սուրբ գթով։

Ժողովրդային գետնի վրայ  անուանակոչութեան օրն է Համբարձում, Համբիկ եւ Հմայեակ անուն կրողներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.