2015-05-14 09:43:00

Հալէպի մէջ Մեծ Եղեռնի նահատակներու յուշակոթողի բացում


Հալէպի Մէջ գլխաւորութեամբ՝ երեք Հայ Համայնքապետերու, հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմնին, կազմակերպութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Մարմինին, 3 Մայիս 2015-ին, տեղի ունեցաւ Յուշակոթողի բացում եւ «Հողին Կանչը» վերնագիրով՝ Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակին ոգեկոչման գլխաւոր հանդիսութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմնի պաշտօնական էջը:

Յուշակոթողի բացումը տեղի ունեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Գ. Կիւլպէնկեան կեդրոնի շրջափակէն ներս, ներկայութեամբ Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի Բարեջան Առաջնորդ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Տիար Տիգրան Գէորգեանի, Հ.Բ.Ը.Միութեան Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ՝ Տիար Ներսէս Ներսոյեանի եւ Հ.Ե.Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմնի ատենապետ՝ Տիար Հանրի Արսլանեանի, հալէպահայ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Հալէպի հայ Վարժարաններու տնօրէններուն:

Յուշակոթողի բացման արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Ե.Ընկերակցութեան փողերախումբը:
Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան աղօթքով օրհնեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած կոթողը՝ «Անմոռուկ» ծաղիկը, որուն տակը փորագրուած էր կարգախօսը «Կը Յիշեմ եւ Կը Պահանջեմ»: Այս կոթողը կը նկատուի հիմքը ճշմարտութեան, յիշողութեան, պահանջատիրութեան եւ արդարութեան յաջորդող 100 տարիներուն. անոր միջոցաւ մենք փաստեցինք, որ հայը ապրեցաւ, կ՛ապրի եւ պիտի ապրի հաւատալով իր արդար դատին:

Սոյն յուշակոթողին նախագիծը պատրաստեց Տիար Հրազդան Թօքմաճեան:

Օրհնութեան արարողութենէն ետք ներկաները մօտեցան բակին մէջ տեղադրուած Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին եւ այնտեղ զետեղեցին կարմիր ու ճերմակ մեխակներ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի, մեր մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներուն, ապա ներկաները սկաուտական շարքերու ընդմէջէն ուղուեցան դէպի «Գ. Նազարեան» սրահ: Սկաուտական շարքերու ներկայութիւնը կարգապահութիւն ներշնչեց ամբողջ օրուան ընթացքին:

Հանդիսութեան ներկայ եղան իրենց ուխտին հաւատացող հալէպահայեր, որոնք մեծ ուշադրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ձեռնարկի յայտագրին:

«Հողին կանչը» հանդիսութեան բեմադրիչն ու հեղինակն էր Տիար Մանուէլ Քաշիշեանը:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներով, որուն յաջորդեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն, յարգելու յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն:

Գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմեցին Հ.Ե.Ընկերակցութեան Կոմիտասի անուան Սենեկային նուագախումբը, «Սպենդիարեան» երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ Բժշկ. Սարգիս Իսկէնեանին, Թատերական յանձնախումբը, Սկաուտական Խորհուրդը, Ուսանողական յանձնախումբը, Մշակութային յանձնախումբը եւ Պարարուեստի յանձնախումբը՝ համագործակցութեամբ պարուսոյց Օրդ. Նայիրի Օհանեանին:

Յայտագրի մասնակիցները իրենց իւրայատուկ կատարողութեամբ, նուագի, երգի, պարի եւ ասմունքի ընդմէջէն ներկայացուցին հայ ժողովուրդին կեանքը իր բոլոր հանգրուաններով, նախքան ջարդը, ապա ջարդը, ներկան եւ ըղձալի ապագան, որ նպատակն է իւրաքանչիւր հայի: Իւրաքանչիւր հանգրուանը պատկերացնելով, մասնակիցները բեմին վրայ կազմեցին «Անմոռուկ» ծաղիկը, որը ինքնուրոյն կը ներկայացնէ մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան:

Գեղարուեստական այս յայտագիրը հաստատեց, որ հայը միշտ եղած է կենսասէր, աշխատասէր, ստեղծագործ եւ միշտ զինուած է հաւատքով, կամքով ու կորովով:

Ձեռնարկի աւարտին Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, խօսք առնելով շնորհաւորեց Հ.Բ.Ը.Միութիւնը, Հ.Ե.Ընկերակցութիւնը եւ բոլոր ներկաները իրենց կատարած աշխատանքին եւ հայրենասիրութեան համար, շեշտելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած ձեռնարկները կը նկատուին Հայոց Յաղթանակը:

Ներկայ ժողովուրդը միասնաբար յոտնկայս մասնակցեցաւ «Կիլիկիա» երգին եւ օրուան ուխտին, կրկնելով «Մենք Հայ ենք… Մենք Կը Յիշենք… Մենք Արդար Հատուցում Կը Պահանջենք…», եւ հայրենասիրական ոգիով ներշնչուած, բոլորը միասին մեծ գոհունակութեամբ աւարտեցին ձեռնարկը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.