2015-05-13 11:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը Միջազգային Քարիթասի հաւաքի բացման Պատարագի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 12 մայիսին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցանելով սկիզբ տուաւ Միջազգային Քարիթասի կազմակերպած  համագումարին։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ներշնչուելով օրուայ Սուրբ Գրային ընթերցումէն քաղուած՝  Գործք առաքելոցի թուղթէն, (16,22-34) ուր  կը խօսուի Սուրբ Պօղոսի եւ Շիղա առաքեալներու բանտարկութեան եւ բանտապետի դարձի գալու մասին,  Ֆրանչիսկոս Պապը  յարեց, թէ բանտապետի որդեգրած քայլը՝ Հաւատքի  եւ փրկագործութեան ուղեւորութեան քայլն է ու ապա ակնարկելով բանտապետին ՝ Առաքեալներու ի պատիւ սարքած ընթրիքին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ սոյն բանտապետի ժէսթին մէջ կը տեսենք Քարթիասի կոչումը։

Քարիթասը հսկայ դաշնակցութիւն մըն է, աշխարհի մէջ լայնապէս ճանչուած է  իր բարեսիրական գործունէութիւններով, եւ պէտք է տարածուի զանազան ժողովրդապետութիւններու եւ հաստատութիւններուն մէջ վերյիշելով եկեղեցւոյ առաջնահերթ կոչումը։

Ձեր ծառայութեան արմատը կը գտնուի հիւրընկալութեան մէջ, ծառայելով Աստուծոյ եւ մերձաւորին։  Արմատախիլ ընելով հիւրընկալութեան արմատը, Քարիթասը կը վախճանի, եւ  կը դասուի պարզ մարդասիրական կազմակերպութիւններու շարքին։

Գոյութիւն չունի, մեծ կամ պզտիկ քարիթաս, ամէնքը իրար հաւասար են։ 

Խնդրենք Տիրոջմէ՝ շնորհքը , իրապէս հասկնալու համար Քարիթասի ծաւալը,

հասկնալու՝ որ Քարիթսաը  միշտ կը գտնուի արուարձաններուն մէջ, իւրաքանչիւր տեղական եկեղեցիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ  հասկնալու, որ Քարիթասը լոկ օգնութեան կեդրոն մըն է։  Ով որ կ՝ապրի քարիթասի առաքելութիւնը պարզ պաշտօնեայ մը չէ, այլ՝ Քրիստոսի վկան, անձ մըն է որ կը փնտռէ Քրիստոսը, եւ կը սիրէ Քրիստոսի հոգիով՝ . անձնուիրումի հոգիով։ Բոլոր մեր ռադմավարականութիւնները ու կազմակերպութիւները դատարկ կը մնան եթէ չ՝ունեանք Քրիստոսի սիրոյ հոգին։

Աստուած մեզի համար կը պատրաստէ Սուրբ Հաղորդութեան սեղանը։  Քարիթասը անթիւ սեղաններ կը պատրաստէ անօթիներուն համար։  Անթիւ մարդիկ այսօր իսկ կը սպասեն բաւարութեամբ կերակուր ունենալու։  Երկրագունդը ունի բաւարար սննդեղէնի մթերքներ՝ բոլորին համար կերակուր ապահովեցնելու, սակայն՝ այնպէս կը թուի, որ կը պակսի կամքը զանոնք բաշխելու ու բաժնեկցելու  բոլորին հետ։

Պէտք է որ մեր անկարելին ընենք, որպէսզի բոլորը ունենան բաւարար կերակուր եւ յիշեցնենք երկրագունդի իշխանութիւններուն, որ Աստուած զիրենք դատի պիտի կանչէ, եւ անոնց պիտի յայտնէ թէ՝  իսկապէս փնտռեցի՛ն կերակուր  Իրեն համար՝ իւրաքանչիւր անձին մէջ (Մատթ 25,35) եւ եթէ արդեօք աշխատանք տար՞ին կլիմայի փրկութեան համար որպէսզի արտադրէ բաւարար  սննդեղէն բոլորին համար։։

Ֆրանչիսկոս Պապը վերանորոգելով իր կոչը ըսաւ պէտք չէ  մոռնանք  անօթութեան մէջ տառապող եւ անարդարաբար չարչարուած անձերը։

Եկեղեցւոյ բազմաթիւ եղբայրասիրական կազմակերպութիւններուն շարքին, Քարիթասը կը յայտնէ Քրիստոնեայ սիրոյ ուժը եւ Եկեղեցւոյ բաղձանքը երթալ ու հանդիպիլ Յիսուսին՝ իւրաքանչիւր անձին մէջ,  մասնաւորաբար երբ՝ անոնք աղքատ եւ տառապող են։

Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզի աւարտին ըսաւ ՝՝Այս է ուղեւորութիւնը որ ունինք մեր աչքին առջեւ եւ մաղթանքս է որ  այս հեռանկարով յառաջ տանիք ձեր այսօրուայ աշխտանքները։ Հայցելով Տիրամօր հովանին եւ յիշելով Ֆաթիմայի Տիրամայրը որ  յայտնուեցաւ աւետելու համար  Յաղթանակը չարին վրայ։  

Յայտնենք թէ ''Մէկ մարդկային ընտանիք, հոգ տանիլ արարչութեան' բնաբանով Միջազգային Քարիթասի համաժողովը վերջ կը գտնէ յառաջիկայ 17 մայիսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.