2015-05-13 11:14:00

ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Եւրոպայի զինուորական մատրանապետերու 4-րդ հաւաքին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 11 Մայիսին, Փարիզի մէջ բացումը կատարուեցաւ Եւրոպայի զինուորական մատրանապետերու 4-րդ հաւաքին, նախագահութեամբ կարդինալ Մարք Ուելլէի որ բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ  ''զինուորական մատրանապետերու ինքնութիւնն ու առաքելութիւնը ու անոնց դերը խաղաղութեան ի նպաստ'' նիւթին մասին, ընդգծելով հաւաքին կարեւորութիւնը խորհրդածելու զինուորական մատրանապետներու պատմութեան ու կեանքին այս վերջին տասնամեակներուն որպէսզի, հովուական խնամակալութեան կառոյցներու աճումով, հաւատացեալ զինուորներու մէջ զարգանայ գիտակցութիւնը  հանդէպ` կեանքի պահպանումին ու խաղաղութեան պաշտպանութեան։։

Հաւաքը որ պիտի եզրափակուի յառաջիկայ ուրբաթ օրը, կը քննարկէ հետեւեալ նիւթերը. զինուորական մատրանապետերը Բ աշխարհամարտին, ժամանակակից զինուորական մատրանապետի փորձառութիւնը, մատրանապետի հովուական խնամակալութիւնը երէկ եւ այսօր։

Հաւաքի ընթացքին ապա պիտի շօշափուի, լեզուական խումբերու ժողովներու ընթացքին,  ''զինուորական մատրանապետութեան իւրայատկութիւնը'' նիւթը։

 ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այս առթիւ,  Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամ մը ուղարկեց ժողովականներուն, որուն մէջ գրեց. ''Զինուորականութիւնը ցոյց կու տայ իր ազնուականութիւնը ու հարկաւորութիւնը երբ կը գործէ ի սպաս բարի դատին, ինչպէս` խաղաղութեան հետապնդումը, իրաւունքի յարգանքը, աղքատներու ու տկարներու պաշտպանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը անոնց որոնք կ'ուզեն պատերազմիլ։

Զինուորը, կը կարդանք Սրբազան Քահանայապետի պատգամին մէջ, կանչուած է ապրելու ճշմարտապէս իր քրիստոնէական կոչումը, միշտ պատրաստ, ի հարկին, իր կեանքը տալու ի սպաս Աստուծոյ ու եղբայրներուն, Յարուցեալ Քրիստոսի հետ սերտ միութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.