2015-05-13 11:55:00

Հայ եկեղեցին եւ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Մահուան տեսակները բազմաթիւ են… ամէն մարդ ուշ կամ կանուխ  պիտի մեռնի, սրտի կսկիծ պատճառելով շրջապատին։

102 տարեկանին նոր մահացած ծնողի թաղմանական կարգը տնօրինող խօսակիցիս աչքերը լեցուն էին արցունքով, որ կը փաստէ, թէ մահը ի՛նք, «տարիք չունի»: Այսինքն՝ ինչ տարիքի մէջ ալ որ ըլլայ մարդ, միշտ կանուխ է մեռնելու համար:
Հիւանդութիւններէ ձերբազատուելու համար, ոմանք կ՛ըսեն թէ կը նախընտրեն մահը: Սակայն նման արտայայտութիւն լսողներ, ամբողջութեամբ չեն համոզուիր իրենց լսած խօսքին, միշտ յիշելով կեանքին քաղցրութիւնը, ապրումներուն արժէքը, յիշարժան պահերուն իմաստը, մինչեւ իսկ զիրենք սիրող անձերու նայուածքներուն քաղցրութիւնը: Նման յիշատակներ այնքան բարձր ոգեղէն արժէք կը ներկայացնեն, որ երբեմն ֆիզիքական ցաւերէն շատ աւելի ուժեղ կը հանդիսանան: Ուրեմն կեանքին իմաստը գրեթէ բոլորին ծանօթ է, բացի անոնցմէ, որոնք ծայրայեղ աստիճանի յուսահատական պահերու չտոկալով, վերջ կու տան անոր, սակայն միշտ բաց աչքերով նայելով կեանքին, չկարենալով յստակ համոզում գոյացնել իրենց կատարած արարքին մասին:
Այսօրուան մեր խորհրդածութեան նպատակն է մարդկային նկարագիրի տխուր երեւոյթներէն մէկը լուսարձակի տակ բերել: Առիթէն օգտուելու երեւոյթն է այդ, որ անշուշտ երկիմաստ է: Անիկա ունի իր դրական եւ ժխտական իմաստները:
Առիթը, պահը, երբեմն վայրկեանը օգտագործել դրական իմաստով, բախտէ աւելի խելացութեան հետ կապուած խնդիր է: Սակայն, նոյնը կատարել ժխտական իմաստով, արդէն յանցագործութիւն է, որովհետեւ դարանակալ սպասուած սպանութեան համազօր է, երբ երբեմն ժամերով կը սպասեն մարդիկ, կարենալ զգետնելու համար իրենց հակառակորդը: Նոյնը կարելի է ըսել իրենց ընկերները շահագործող մարդոց համար:

Արդ՝ քեզ շահագործողը միայն քու դրամը չէ՛ որ կրնայ օգտագործել իր նպատակները իրականացնելու, այլ երբեմն քու ժամանակը գողնալով, իր ծրագիրները կ՛իրագործէ: Կամ հազար խարդաւանքներով մօտենալով քեզի, կը փորձէ վայելած դիրքդ ու համբաւդ իր վրայ ալ տարածել, նոյնիսկ ջանալով այդ «վերարկուն» ամբողջութեամբ իր վրայ տանիլ, մերկացնելով քեզ բնական «զգեստէդ»… Այս սնամիտները չեն անդրադառնար սակայն, թէ միայն ժամանակաւոր ծածկոյթ մը պիտի ըլլայ ատիկա իրենց համար: Միթէ՞ կարելի է սուր դանակը պահել կտաւէ պարկի մէջ… Ատիկա անպայման իր քիթը դուրս պիտի հանէ այնպէս, ինչպէս նման անձեր շուտով իրենց ինքնութիւնը կը յայտնեն շրջապատին, չկարենալով զայն ծածկել…
Հանդիպած ենք մարդոց, որոնք հազիւ իմացած թէ մէկը նոր բան գնած է, ո՛չ թէ կը ջանան երթալ եւ նոյնը գնել իրենց սեփական գումարով, այլ միեւնոյն անձին կը դիմեն՝ «հատ մըն ալ ինծի բեր» ըսելով: Ասոնց պարագային գումարի պակաս կամ աղքատութեան երեւոյթը չէ՛ այնքան խնդիրը, ինչքան որեւէ բան ձրի ձեռք ձգելու ցանկութիւնը: Յիշեալ ողբերգութիւնը, որ նոյնիսկ նիւթապէս բաւարարուած անձերու պարագային կը պատահի, առածի կարգ անցած է տարբեր լեզուներով արտայայտութեան մը մէջ, ուր կ՛ըսուի, թէ նման անձ մը եթէ գիտնար որ դագաղը ձրի է՝ երէկ գիշեր կը մեռնէր…
Այս արտայայտութիւնը ծայրայեղութիւն պիտի չհամարէք, եթէ ձեր միջավայրին մէջ յանկարծ յայտնաբերէք նման նկարագիրով անձ, (որոնց օրինակները երբեմն այնքան առատ են), որ կը ջանայ տզրուկի նման փակչիլ ձեր մորթին, կարելի օգուտը քաղելու համար, յարմար առիթին:
Անոնք, որոնք «հատ մըն ալ ինծի»ի ռազմավարութեամբ կը կեղեքեն իրենց ընկերները, երբեք ալ հարուստ չեն դառնար, ինչքան ալ խորհին խնայած ըլլալ իրենց անպէտ գումարները:
Այդպիսիներուն համար ըսուած է, թէ իրենց մահուան ժամանակ զիրենք թաղողները պիտի ըսեն.
_ Ափսո՜ս, աղքատ ապրեցաւ, բայց հարուստ մահացաւ
Դագաղին գինը վճարել ու այդպէս հրաժեշտ տալ այս կեանքին՝ նախընտրելի է, քան թէ իմանալ անոր ձրի ըլլալը, ու մէկ գիշեր առաջ, ձրի դագաղով թաղուելու սիրոյն մեռնիլ…

 








All the contents on this site are copyrighted ©.