2015-05-12 08:52:00

Վենետիկի Պիենալէի մրցումին Հայաստան արժանացաւ «Ոսկիէ Առիւծ»-ի


Վենետիկի 56-րդ Պիենալէի մրցումին, որուն կը մասնակցի 53 երկիր, Հայաստանի տաղաւարը արժանացած է «Ոսկիէ առիւծ» գլխաւոր մրցանակին, կը յայտնեն Հայաստանի մշակոյթի նախարարութենէն:

Հայաստանը հեղինակաւոր այս հարթակին կը ներկայանայ «Հայութիւն» խորագիրով ցուցադրութեամբ: Տաղաւարը տեղակայուած է Ս. Ղազար կղզիին մէջ` Մխիթարեան միաբանութեան տարածքին: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած հայկական տաղաւարի ցուցադրութեան կը մասնակցին սփիւռքահայ 18 արուեստագէտներ:

Եւրոպայի, Ասիոյ, Ամերիկայի մեծ ու փոքր քաղաքներու մէջ ստեղծագործող այս արուեստագէտները կը միաւորէ իրենց ազգութիւնը: Անոնք Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու սերունդներն են, որոնք դաժան ճակատագիրի բերումով յայտնուած են հայրենիքէն դուրս, սակայն իրենց մէջ կը կրեն ազգային ինքնութիւնն ու յիշողութիւնը: Պիենալէի տաղաւարի համադրողն է Ատելինա Կիւբերեան ֆոն Ֆիւրշթենպերկ:

«Ցուցահանդէսը «Հայութիւն» անուանելու համար զիս ներշնչած է ֆրանսերէն Armenite բառը: Անիկա ինծի թուաց նոր ու յարմար բառ, որպէսզի նկարագրեմ հայ արուեստագէտներն ու մտաւորականները` անընդհատ հոսքի մէջ գտնուող սերունդ մը` ինքնասահմանման իր բազմազանութեամբ», այսպէս բնորոշած է իր մտայղացումը հայկական տաղաւարին համադրողը:

Վենետիկի պիենալէն պիտի գործէ մինչեւ 22 նոյեմբեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.