2015-05-12 08:41:00

Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի 35-րդ հաւաքը Սանթօ Տոմինկոյի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Մայիս 12-15,  Սանթօ Տոմինկօ-ի մէջ տեղի կ՛ունենայ հարաւային ամերիկայի 22 եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու 25-րդ վեհաժողովը, որուն ընթացքին հաշուեյարդարը պիտի ներկայացուի վերջին չորս տարիներու գործունէութեան ու յառաջիկայ չորս տարիներու (2015-2019) աշխատանքային յայտագիրը` հիմնուած Աւետարանի ու Քահանայապետի ուսուցումին վրայ։ Ժողովի ժամանակ պիտի ընտրուին նաեւ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նոր նախագահները։ Յայտնենք որ Լատինամերիկայի բոլոր երկիրներու ներկայացուցիչները տեղեկագիր մը պիտի ներկայացնեն իրենց երկրի  եկեղեցական ու ընկերային կացութեան մասին։

Համագումարին կը  մասնակցի նաեւ Կարդինալ  Մարք Ուելլէն  որպէս կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին ու պատասխանատու Լատինամերիկայի քահանայապետական յանձնախումբին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.