2015-05-12 08:49:00

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհրդակցական հանդիպումը իսլամներու հետ կապերու մասին։


(Ռատիօ Վատիկան)  13-15 Մայիս 2015, Եւրոպայի մէջ ապրող Իսլամ աշխարհի պատասխանատու եպիսկոպոսները խորհրդակցական ժողով մը գումարած են որուն ընթացքին պիտի քննարկեն կարելիութիւնները երկխօսութեան մշակոյթի հաստատումին ընդմէջ քրիստոնեաներուն եւ մահմետականներուն։  

Ժողովը տեղի կ՛ունենայ Զուիցերիոյ Սան Մորիս աբբայարանին մէջ գլխաւորութեամբ  կարդինալ  Jean-Pierre Ricard-ի։  Աշխատանքներուն կը մասնակցին իսլամութեան հետ երկխօսութիւն հաստատած 40 մասնագէտներ։ Ժողովին կը մասնակցի նաեւ կարդինալ Ժան Լուի Թոռանը` նախագահը միջ կրօնական քահանայապետական խորհուրդին։ Ժողովականները մասնաւորապէս կը սերտեն երկխօսութեան կարելիութիւնը իսլամներու հետ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ։ 

Ժողովը կը փակուի ուրբաթ`  15 Մայիսին ''ազատ բեմ'' նշանաբանով, որուն աւարտին կարդինալ Ռիքար պիտի ներկայացնէ եզրափակիչ զեկոյցը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.