2015-05-11 10:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը եւ հեռաձայնային կապը Թաուատրոս Բ պատրիարքին հետ ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 10 մայիսին  նշուեցաւ  Թաուատրոս Բ` Ղպտիներու Պատրիարքին Վատիկան այցելութեան երկրորդ տարեդարձը։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը ուղղեց Աղեքսանդրիոյ Ղպտիներու Պատրիարքին որուն մէջ գրեց ''այսօր աւելի քան երբեք միացած են արեան համամիութեամբ, ինչ որ մեզ կը քաջալերէ ապագային եւս քալելու խաղաղութեան եւ հաշտութեան ճանապարհի վրայ''։ 

Սրբազան Հայրը ապա Պատրիարքին եւ բոլոր եգիպտացիներուն ու Միջին Արեւելքի բնակիչներուն ապահովեցուց իր աղօթքները, վերյիշելով վերջերս իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար սպաննուած Ղպտի նահատակ մարտիրոսները։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ մաղթանք յայտնեց որ օր մը` սիրոյ ու փոխ ըմբռնման աճումով, կարելի ըլլայ կատարեալ միութիւնը, քաջալերելով այս առընչութեամբ  ստեղծուած աստուածաբանական յանձնախմբին ու անոր գործունէութիւնը ու գնահատելով Ղպտի եկեղեցւոյ կեցուածքն ու ցուցաբերած մօտիկութիւնը։

Սրբազան Հայրը պատգամը եզրափակեց եբրայական ողջագուրում ուղարկելով Թաուատրոս Բ պատրիարքին։

Յայտնենք նաեւ թէ Թաուատրոս Բ Պատրիարքը` յետմիջօրէին,  հեռաձայնաին կապ հաստատեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ. որուն ընթացքին երկու կրօնապետերը քննարկեցին երկու կարեւոր կէտեր.  առաջին՝ յարատեւել   քրիստոնեաներու միութեան աշխատանքներու ճանապարհին վրայ,  երկրորդ՝ Սուրբ Զատկաուայ տօնի թուականը փոխել որպէսզի  երկու քոյր եկեղցիները միանսաբար տօնախմբեն Յիսուսի Յարութեան տօնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.