2015-05-11 14:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը ''խաղաղութեան գործարան'' ծրագրի մանուկներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 11 մայիսի առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ ''Խաղաղութեան գործարան'' ծրագրի մասնակցող իտալական դպրոցներու 7 հազար մանուկներուն հետ։ 

Հանդիպման ընթացքին, 13 մանուկներ հարցումներ ուղղեցին  Ֆրանչիսկոս Պապին ու ան սրտաբուխ պատասխաններ տուաւ անոնց։

Պատասխանելով ընտանեկան յարկէն տակ քոյրերու միջեւ ծագած անհասկացողութեան մասին հարցումին, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց  դիմելու միշտ հաշտութեան, թէեւ ''վիճաբանիլը'' մարդկային է։ Ներշնչուելով ապա խաղաղութեան կերտումի մասին արտասանուած ոտանաւորէ մը` Ան հաստատեց թէ խաղաղութիւնը կը կառուցուի ամէն օր։ Ապա ակնարկեց ''աշխարհի մի քանի մեծերուն'' որոնք յաճախ կ՛անտեսեն դպրոցն ու դաստիարակութիւնը, որովհետեւ կեդրոնացած են իրենց սեփական շահերուն վրայ, ինչպէս զինավաճառութիւնը, որուն համար պատրաստ են ամէն ինչ զոհելու։

Պատասխանելով հուսկ անմեղ մանուկներու չարչարանքի մասին հարցումին Պապը յայտնեց թէ անոր պատասխանը կը գտնենք միայն մեր աչքերը սեւեռելով դէպի երկինք ու թէ հարկ է միշտ մօտիկ ըլլալ մանուկներուն ու մանաւանդ անոնց որոնք կը տառապին։ 

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա վերահաստատեց թէ Աստուած  պատրաստ է ներելու միշտ եւ ամէն ինչ։ Ամէնքս կը սխալինք ու կրնանք իյնալ մեղքի մէջ սակայն պէտք է գիտնալ նաեւ ներում հայցել ու վերականգնիլ ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ եթէ մէկը չուզեր մեր հետ հաշտուիլ պէտք է յարգենք անոր կամքը ու աղօթենք անոր համար։ Խաղաղութեան գործընթացին մէջ յարգանքը կարեւորագոյն տեղ կը գրաւէ - շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը որ զեկոյցի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ անչափահաս բանտարկեալներու ու խօսեցաւ խաղաղութեան կերտումի հարկադրութեան մասին ու այս ծիրէն ներս կրօնի դերակատարութեան մասին, հաստատելով թէ այնտեղ ուր չկայ արդարութիւն չկայ խաղաղութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.