2015-05-11 09:38:00

Համալսարանականներու երիտասարդաց միութեան հաւաք Զմմառու վանքին մէջ


Շաբաթ 9 մայիս 2015-ին, յետմիջօրէին, Աստուածամօր նուիրուած ամսուան հանդիսութեանց և Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակութեանց նուիրուած ծիրէն ներս, Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու համալսարանականներու երիտասարդաց միութեան հաւաք: Պէյրութի Թեմի Պատրիարքական Փոխանորդ և Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան և Վարչական Հայրերն ու «Ս. Միքայէլ և Երանելի Մալոյեան» դպրեվանքերու ուսանողները ընդունելէ ետք համալսարանականները և անոնց ուղեկցող հոգեւոր առաջնորդները, ուղղուեցան դէպի վանքի մայր տաճարը, ուր բարի գալուստի խօսքեր և փոխադարձ մաղթանքներ կատարուեցան: Հոգեւոր Հայրերն ու երիտասարդները վանքիս զանազան բաժանմունքները՝ թանգարան, գանձարան, մատենադարան, գինեմառան այցելելէ ետք Սուրբ և Անմահ Պատարագի ներկայ գտնուեցան: Սուրբ և Անմահ Պատարագը մատուցեց վանքիս Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան, վանքի ներքին շրջաբակին մէջ բացօթեայ յատուկ ձեւով պատրաստուած խորանին վրայ: NDU համալսարանի երիտասարդաց հոգեւոր առաջնորդ Հ. Ֆատի Պուշպել բացման խօսք արտասանեց և իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց վանքի Մեծաւորին ջերմ ընդունելութեան համար: Ապա քարոզեց երիտասարդաց միութեան հոգեւոր առաջնորդ Գերպայծառը: Գերապայծառը իր քարոզին մէջ օրուան Աւետարանը մեկնաբանեց և շեշտը դրաւ քրիստոնէական կեանքի սրբութեան և հաւատքի զօրութեան վրայ, աւելցնելով թէ այսօր այս դժուարին օրերուն միայն մեր հաւատքն է որ մեզ հաստատ կը պահէ մեր հողերուն վրայ. հաւատք՝ Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ և Հայրենիքի նկատամամբ: Այս նոյն հաւատքով է որ ապրեցան հայերը դարեր շարունակ և նոյն հաւատքով է որ նահատակուեցան մէկ ու կէս միլիոն հայեր, աքսորուեցան ու ցրուեցան աշխարհիս չորս ծագերը: Այս առթիւ կը շնորհաւորեմ վանքիս Մեծաւորն ու Վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ նորընծաները, որ ջերմ սիրով ընդունեցան մեզ Տիրամօր այս սրբազան վանքին մէջ, որպէսզի միասնաբար տօնախմբենք Մայիսեան այս ուխտի օրը: Պատարագի երգեցողութեան՝ Համալսարանականները իրենց մասնակցութիւնը բերին երաժշտական զանազան գործիքներու ընկերակցութեամբ, ինչ որ մեծ տպաւորութիւն թողուց բոլոր ներկաներուն վրայ: Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Կռունկ» երգչախումբէն կարգ մը անդամներ եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին հայերէն սրբազան երգեցողութեամբ: Պատարագի աւարտին՝ հաւաքական ընթրիք տեղի ունեցաւ դպրեվանքի սեղանատան մէջ: Այնուհետեւ Աստուածամօր նուիրուած հսկում մը տեղի ունեցաւ մինչեւ ուշ երեկոյ հոգեզմայլ և քաղցրաշունչ մթնոլորտի մէջ: Օրը փակուեցաւ քաղցր և անմոռաց յիշատակներով, Զմմառու Տիրամօր հովանիին ներքեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.