2015-05-11 12:22:00

''Այսօր եւս քրիստոնեաներ կը սպաննուին Աստուծոյ անունով'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 11 Մայիսի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ  ''Այսօր եւս քրիստոնեաներ կը սպաննուին Աստուծոյ անունով'' եւ թէ ''Սուրբ Հոգին է որ զօրութիւն կը շնորհէ վկայութիւն տալու` նոյնիսկ մարտիրոսութեամբ''։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը Սրբազան Հայրը մատնանշեց Յիսուսի Խօսքերուն հայող ''հալածանքներու եւ խաչի գայթակղութեան'' հաստատելով թէ Եկեղեցւոյ կեանքը ուղեւորութիւն մըն է առաջնորդուած Սուրբ Հոգիէն։

Խաչը որ Հրեաներուն համար գայթակղութիւն էր մեզի` քրիստոնեաներուս համար յաղթութեան նշան է։

Յիսուս իր աշակերտները զգուշացուցած էր թէ պիտի վտարուին ժողովարաններէն ու թէ պիտի սպաննուին ու զիրենք սպանողը պիտի կարծէ  թէ հաճոյք կը պատճառէ Աստուծոյ։  Այսօր`  վկայ ենք այն մարդոց` որ Աստուծոյ անունով քրիստոնեաները կը սպանեն։ Այս է Քրիստոսի Խաչը` ինչ որ պատահեցաւ Յիսուսին կը պատահի նաեւ մեզի, հալածանք ու տանջանք, սակայն պէտք չէ գայթակղինք որովհետեւ Սուրբ Հոգին մեզ պիտի լուսաւորէ ու պիտի հասկնալ տայ պատահածը։

Այս առընչութեամբ` Սրբազան Պապը մատնանշեց Թաուատրոս Բ-ին հետ ունեցած հեռաձայնային կապին, երկու եկեղեցիներու  միջեւ ''Բարեկամութեան օրուան առթիւ'' (10 մայիսին), ու մտաբերեց քրիստոնէական հաւատքը դաւանելու համար յանուն Աստուծոյ` գլխատուած  ղպտի քրիստոնեաները, հաստատելով թէ քրիստոնեայ մը որ լրջութեամբ չառներ մարտիրոսութեան վկայութեան երեւոյթը չէ հասկցած Յիսուսին` մեզի սորվեցուցած ճանապարհը որ է մարտիրոսական ճանապարհ։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա քարոզը եզրափակեց հայցելով Տիրոջ շնորհքը ընդունելու Սուրբ Հոգին, որպէսզի մեզ առաջնորդէ դէպի լիակատար ճշմարտութիւն ու մեզ պատրաստէ ամէն օր վկայելու մարտիրոսութիւնը, փոքրիկ թէ մեծ, Աստուծոյ կամքին համաձայն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.