2015-05-11 09:58:00

«Անկարելի է առանց քրիստոնեաներու միջին արեւելք մը երեւակայել» շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը


Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ մը կը գտնուի Կիպրոսի մէջ, երկուշաբթի,11 մայիսին. մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ նախագահեց պատարագի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ծանր պայմաններուն:

Եազիժի պատրիարքը հաստատեց Անտիոքի եկեղեցւոյ սկզբունքներուն կառչած մնալու եւ միասնականութեամբ ապրելու ընտրանքէն անշեղ մնալու յանձնառութիւնը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ ամէնուր:

«Անկարելի է առանց քրիստոնեաներու Միջին Արեւելք մը երեւակայել», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ իբրեւ քրիստոնեաներ իրենք կառչած կը մնան իրենց հողին:








All the contents on this site are copyrighted ©.