2015-05-11 09:53:00

ՄԱԿ-ի ապահովական խորհուրդի արտակարգ նիստը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 11 մայիսին, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ապահովական խորհուրդը կը գումարէ արտակարգ նիստ մը  քննարկելու համար  Եւորպայի մէջ յառաջացող գաղթականներու հարցը։

Նիստի աշխատանքներու բացումը կը  կատարէ Եւրոպական  Միութեան արտաքին գործերու եւ ապահովովական հարցերու յանձնակատար Ֆէտետրիքա Մոկերինին, որուն ընթացին կը  ներկայացնէ գաղթականներու ներկայ իրավիճակը եւ անոր լուծման համար` Եւորպայի որդեգրած նախագիծը, ուր  նախատեսուած է ծովային  շտապ օգնութեան աշխատանքներ ,  ինչպէս նաեւ կասեցնել մարդավաճառականութեան հոսանքը։

 Եւրոպական միութեան, ՄԱԿ-Ի Ապահովական  խորհուրդի ժողովի մասնակցութեան նպատակն է՝ աջակցութիւնը ունենալ  ՄԱԿ-ի ապահովական  խորհուրդը­,  իրականացնելու համար ծրագիր մը,  առանց  բացառելու  ուժի գործադրումը կասեցնելու համար մարդավաճառութեան երեւոյթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.