2015-05-09 11:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Մոզամպիքի եպիսկոպոսները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 9 մայիս 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Կարդինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը, Տիար Խուան Քարլոս Կամարրա Սքիլզ` Սուրբ Աթոռի մօտ Փերուի դեսպանը, հրաժեշտի այցելութեան առթիւ, ապա Մոզամպիքի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները, որոնք Վատիկան կը գտնուին Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կատարելիք իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւններուն առթիւ։ 

Անոնց յանձնած գրաւոր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գրէ

“Մենք մէկ ժողովուրդ ենք, միեւնոյն հոգիով՝ կոչուած Տիրոջ կողմէ, որ մեզ կը սիրէ եւ մեզի նեցուկ կը կանգնի։ Կ’ողջունեմ ձեզ եղբայրական ուրախութեամբ։ Ձեր հետ կ’ողջունեմ ձեր աշխատակիցները եւ ձեր հօտը։”

Սրբազան Պապը յիշեց Յիսուսի՝ Պետրոս Առաքեալին ուղղած հարցը՝ “կը սիրե՞ս զիս”։ Այս հարցը կ’արձագանգէ առաքեալի յաջորդներուն՝ եպիսկոպոսներուն սրտին մէջ։ Պետրոսի դրական պատասխանին վրայ՝ Յիսուս կը յորդորէ՝ “արածէ ոչխարներս” (Յովհ ԻԱ. 15-17)։

“Ապահով եմ, որ ձեր հետ կատարուած է նոյնը”՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը՝ խօսքը ուղղելով եպիսկոպոսներուն։ Տէրը ինքզինք “սիրոյ մուրացիկի” տեղ կը դնէ եւ կը ներկայացնէ մեզի էական խնդրանքը՝ կերակրել իր հօտը, իր եկեղեցին։ Յիսուս եկեղեցւոյ գերագոյն հովիւն է. Իր անունով եւ Իր պատուէրով է որ մենք հոգ կը տանինք Իր հօտին՝ մեր կեանքի շնորհապարգեւին լիուլի տրամադրելիութեամբ։

“Սիրելի Եպիսկոպոս եղբայրներ, կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ, գացէք ձեր հաւատացեալներուն մէջ, նոյնիսկ ձեր թեմի ծայրամասերուն եւ “գոյատեւման ծայրամասերուն”, ուր կայ տառապանք, առանձնութիւն, մարդկային նուաստացում։ Եպիսկոպոս մը, որ կ’ապրի իր հաւատացեալներու շրջանակին մէջ, բաց ականջ ունի այն պատգամին, “որ Հոգին կ’ուղղէ եկեղեցիներուն” (Յայտն Բ. 7) եւ “հօտի ձայնին”։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ՝ եւ յատկապէս եպիսկոպոսներու ընկերային պարտականութիւններուն՝ մասնաւորապէս ի ծառայութիւն ընտանիքներու եւ երիտասարդութեան։

Եզրափակիչ խօսքին մէջ ան ըսաւ՝ “Յիսուս չըսաւ գացէք, դուք ձեզի ճար գտէք, այլ՝ ’գացէք, ես ձեզի հետ եմ՝ մինչեւ աշխարհի կատարածը։’ (Մտթ. ԻԸ. 19) Այս է մեր զօրութիւնը եւ մխիթարութիւնը։ Երբ մենք հրապարակ կ’ելլենք քարոզելու Աւետարանը առաքելական հոգիով, Յիսուս կը քալէ մեր հետ եւ կ’ընթանայ մեր առջեւէն։”








All the contents on this site are copyrighted ©.