2015-05-09 09:15:00

Քամերոն կը վերստանձնէ Բրիտանիոյ Վարչապետի պաշտօնը։


Տէյվիտ Քամերոն վերադարձաւ Բրիտանիոյ վարչապետի նստավայր` Տաունինկ փողոց թիւ 10, երբ պահպանողականները հարցախոյզներու նախատեսութեանց հակառակ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ մեծ յաղթանակ մը արձանագրեցին` ապահովելով շուրջ 331 աթոռ` այդպիսով կազմելով 650 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մեծամասնութիւնը:

Աշխատաւորական կուսակցութիւնը ապահովեց 232 աթոռ, Սկովտիական ազգային կուսակցութիւնը` 56, Ազատական ժողովրդավարները` 8,  Փլէյտ Սիմրու` 3, Միացեալ Թագաւորութեան անկախութեան կուսակցութիւնը` 1, կանաչները` 1, այլ կուսակցութիւններ` 19:

Խորհրդարանին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն կազմելու համար տեսականօրէն անհրաժեշտ էր ապահովել 326 աթոռ, սակայն որովհետեւ իրլանտական Շին Ֆէյն կուսակցութեան երեսփոխանները աթոռներ չեն գրաւած եւ խորհրդարանի նախագահն ալ սովորաբար քուէարկութիւններուն չի մասնակցիր, իսկութեան մէջ բացարձակ մեծամասնութեան համար անհրաժեշտ է ապահովել 323 աթոռ:








All the contents on this site are copyrighted ©.