2015-05-09 12:39:00

Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին շուքին տակ


Վերջերս՝ ցեղասպանութեան յիշատակութեան առիթով՝ բազմաթիւ յօդուածներ եւ գրքեր հրատարակուեցան եւ շատ մը երկիրներու պետական շրջանակներու մէջ քննարկուեցան հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ոճիրները։ Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ բացայայտօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ Աւստրո-Հունգարական եւ Գրեմանական կայսրութիւններու մասնակցութեան։ Ծանօթ է, որ առաջին անգամ չէր որ այդ մասնակցութեան հարցը կ’արծարծուէր։ Բացի հրատարակուած փաստաթուղթերու վկայութիւններէն՝ պատմագէտներու եւ քաղաքագէտներու կողմէ կատարուած են վերլուծումներ այդ հարցի շուրջ։ Հայաստանը՝ իր աշխարհագրական նպաստաւոր դիրքով, եւ հայ ժողովուրդը իր բազմաթիւ յատկութիւններով՝ պատմութեան ընթացքին բազմիցս թիրախ դարձած է կամ ոտնակոխ եղած է ասպատակիչներու։ Գերմանական կայսրութեան տարածաշրջանային հետաքրքրութիւնները եւ ախորժակները նոյնպէս ողբերգական հանդիսացան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար։

Հետաքրքրական վերլուծում մըն է 1916ին Թիֆլիսի “Համբաւաբեր” թերթին մէջ հրատարակուած յօդուածաշարք մը՝ “Հայերու Հալածանքները՝ Գերմանական Ծրագիր – Թրքական Աշխատանք” խորագրով։

Հեղինակը յառաջ կը բերէ թերթին մէջ նախապէս լոյս տեսած վերլուծում մը։ Յօդուածի առաջին մասին մէջ կը կարդանք՝

“Ըստ հեղինակի (Revue des Deux Mondes) տեսակէտին, հայոց վերջի աղէտներու իսկական պատասխանատուն պաշտօնական Գերմանիան է։

Եւ այդ տեսակէտը հաստատելու համար նա վերլուծում է Գերմանիոյ վերջի քսանհինգ տարուայ քաղաքականութիւնը թիւրք կայսրութեան վերաբերմամբ եւ բերում է վկայութիւններ գերման իմպերիալիստներից։

Հեղինակի կարծիքով պաշտօնական Գերմանիան երբէք սիրով չէ վերաբերուեր հայ ժողովուրդին ու հայոց հարցին, որի ապացոյցն է 1896 թ. հսկայ ջարդերէն վերջ Վիլհելմի Պոլիս այցը, որ նա իրեն բարեկամ անուանեց կարմիր Սուլթանին եւ Դամասկոսի մէջ ինքզինքը յայտարարեց համայն իսլամներու պաշտպանը, այն իսլամներուն, որոնց ձեռքով մի տարի առաջ 300,000 քրիստոնեայ եւ անմեղ հայեր կոտորուած էին։

Գերմանիոյ անբարեացակամութիւնը հաստատելու համար բերում է երկրորդ ապացյոց – 1913 թուի հայկական բարենորոգումների ծրագրի մէջ խաղացած դերը, ուր իւր ամբողջ ուժը ի գործ դրաւ այն դարձնել մի քառակուսի անիւ, որը եւ յաջողեց։

Հեղինակը այդ ապացոյցները հրապարակ բերելէն վերջ, աշխատում է երեւան բերել, թէ ի՞նչից է յառաջ գալիս գերմանական անբարեացակամութիւնը հայոց հարցի եւ հայերու հանդէպ։

Եւ տալիս է մօտաւորապէս այս բացատրութիւնը.

Գերմանիան յոյս չունենալով ձեռք բերել շուկաներ եւ գաղթավայրեր Եւրոպայում, աչքը ձգել էր Պալքաններու եւ մասնաւորապէս թրքական հսկայ կայսրութեան վրայ, որով եւ պիտի կարողանար իրականացնել գերման իմպերիալսիտներու հսկայ երազը – Համբուրգ – Բաղդադ երկաթուղու գիծը, որը եւ պիտի լինէր համաշխարհային շուկայի գլխաւոր երակը։

Բայց իրականացնելու համար այդ ծրագիրը՝ իրեն պէտք էր մի թրքական կայսրութիւն, որը բնակեցուած լինէր այնպիսի ժողովուրդներով, որոնք անընդունակ լինէին քաղաքական եւ տնտեսական նախաձեռնութիւններու։

Թիւրք կառավարութիւնը եւ մահմետական ժողովուրդները իւր ուզած տարրերն էին, բայց կար հայ ժողովուրդը՝ դրացի ռուս պետութեան, բնակութիւն հաստատած այն բրաձրավանդակներուն եւ լեռնաշղթաներուն վրայ, որտեղից պիտի անցնէր Բաղդադի երկաթուղագիծը, եւ որուն կարող էր վտանգ սպառնալ իւր տնտեսական նախաձեռնութիւններով եւ քաղաքական ձգտումներով։

Պաշտօնական Գերմանիան չի սիրում հայ ժողովուրդը Հայաստանի Բարձրավանդակներում, որը լինելով անկախութեան մի օճախ, իւր ընդունակութիւններով կարող է ապագային Ռուս պետութեան գործիք դառնալով՝ վտանգ սպառնալ գերմանական շահերուն։ Բայց նա սիրում է հայ ժողվուրդին որպէս միակ տարրը թիւրք կայսրութեան մէջ, որը կարող է իւր ընդունակութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ յառաջ տանել գերմանական գաղթաբնակութեան քաղաքականութիւնը մօտաւոր Արեւելքում։

Ի՞նչպէս հաշտեցունել այս երկու հակամարտ շահերը։ Գերմանական ճկուն միտքը այդ միջոցն էլ գտել է։ Եւ ներկայ յօդուածի հեղինակը բերում է գերմանացի հանրածանօթ հրապարակախօս դոքթէօռ Պաուլ Ռոռբախի կարծիքը, որ յայտնել է “Բաղդադի երկաթուղին” գրուածքի մէջ, ուր առաջարկում է “հայերը վար իջեցնել իրանց լեռներից, եւ նրանցով գաղթավայրեր ստեղծել Բաղդադի երկաթուղու ամբողջ երկայնքին։ Այսպիսով գերմանական գիծը կանցնի ամենահարուստ եւ ամենաճարտարարուեստական երկիրը. անապատները կը լեցուին հունձքերով եւ գիւղերով, եւ այսպիսով “Բաղդադի” երկաթուղագծի բաժնետէրերը ինքզինքնին լաւ կզգան։”

Հեղինակի կարծիքով այս միտքը արագօրէն յառաջադիմեց գերմանական տիրող տարրերու մէջ. եւ ահա այս պատերազմի առթիւ Գերմանիոյ կողմէ Թիւրքիոյ տրուաւ այդ ծրագիրը գործադրելու համար, եւ թիւրքերը գործադրեցին իրանց ըմբռնած ձեւով։

Ձեւը Գերմանիան տուաւ, իսկ աշխատանքը Թիւրքիան կատարեց՝ ամեն մէկը իրա ըմբռնած ձեւով։”

Յօդուածաշարքի յաջորդ մասերուն մէջ կը յիշուին տեղահանութիւններու եւ ջարդերու մանրամասնութիւնները, եւ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.