2015-05-08 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ''Թէնիսի'' ակումբի մարզիկներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 8 մայիս 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը իր գրասենեակին մէջ. յաջորդաբար ընդունեց Տնտեսութեան Քարտուղարութեան կառավարիչ` Կարդինալ Ժորժ Փելը, Սուրբ Աթոռի երբեմնի Պետքարտուղար` Կարդինալ Թարզիչիօ Պերթոնէն, Առաքելական կեանքի եւ նուիրեալ անձերու ժողովի երբեմնի կառավարիչ` Կարդինալ Ֆրան Ռոտէ ապա կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիոն` Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ժամը 12-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական ''Թէնիսի'' մարզախաղի ակումբի 7 հազար անդամներուն եւ այս առթիւ անոնց արտասանած  խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան համար յատուկ ողջոյն մը ուղղելով մանուկներուն։

''Զանազան առիթներու ընթացքին խօսեցայ` մարզանքի մասին որպէս ''կրթական'' փորձառութիւն։ ''Այսօր եւս կ՛ուզեմ շեշտել թէ մարզանքը դաստիարակչական ճանապարհ մըն է։ Երեք ճանապարհներ կան` երեք հիմնաքարեր` մանուկներուն, չափահասներուն եւ երիտասարդներուն համար` Դաստիարակութիւնը` դպրոցական եւ ընտանեկան ասպարէզներէն ներս, մարզանքը եւ աշխատանքը։ Երբ այս երեքը գոյութիւն ունին, գոյութիւն կ՛ունենան նաեւ  պայմանները` զարգացնելու իսկական եւ լիիմաստ կեանք մը, խուսափելով այն մոլութիւններէն որոնք կը թիւնաւորէն եւ կ՛ոչնչացնեն էութիւնը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ Եկեղեցին  եւս կը հետաքրքրուի մարզանքով որովհետեւ ան մարդու սրտին կը խօսի. Եկեղեցին կ՛ընդունի որ մարզական գործունէութիւնը կ՛ազդէ անձի կազմաւորումի վրայ, անոր յարաբերութիւններու եւ անոր  հոգեւորականութեան վրայ։

''Դուք մարզիկներդ առաքելութիւն մը ունիք իրագործելիք` ըլլալ` անոնց համար որ ձեզմով կը հիանան, վաւեր օրինակներ'' ըսաւ ապա Քահանայապետը զգուշացնելով մարզիկները ''դիւրին ճամբաներէ'' ինչպէս ''Տոփինկը''։ ''Որքա՜ն կեղտոտ ու անիմաստ է այն յաղթանակը որ ձեռք կը փերուի խարդախութեամբ'' յարեց ապա Սրբազան Հայրը ակնարկելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն հայող մարզիկին, բացայայտելու մարդկային գոյութեան առանձնայատկութիւնները` ''Չէ՞ք գիտեր թէ կրկէսներու վրայ, վազքի ատեն ամէնքը կը վազեն, սակայն յաղթանակը մէկ է։ Դուք ալ այնպէս վազեցէք որ հասնիք յաղթանակին (Կոր 9,24)։ Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները այս մէկը ընելու ոչ թէ միայն մարզանքի ծիրէն ներս այլեւ կեանքի մէջ, փնտռելով միշտ Բարին, իսկական բարիքը, առանց վախի եւ խանդավառութեամբ։

''Ձեր տաղանդները դրէք ի սպաս մարդոց միջեւ հանդիպումին, ի սպաս բարեկամութեան եւ ի սպաս ներառման''' ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը եզրափակեց ներկաներէն խնդրելով որ իր ողջոյնները փոխանցեն իրենց ընտանեկան պարագաներուն ու բարեկամներուն եւ ապա հայցեց Աստուածային օրհնութիւնները ու խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.