2015-05-08 09:37:00

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անհրաժեշտ կը նկատէ արագացնել նախագահական ընտրութիւնը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ նախագահական ընտրութիւնը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները հետզհետէ վտանգաւոր ընթացք կ՛առնեն:

Մարոնի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին երեսփոխաններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ ուղղուելու խորհրդարան` ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը:

Խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց շրջանին մէջ լարուածութեան սրումէն եւ յարանուանական գրգռութիւններէն: «Կարծէք պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, իսկ շրջանին ժողովուրդները ոչ մէկ դաս քաղած են իրենց անցեալէն եւ իրենց իսկ ձեռքով կը քանդեն այն կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը, որ Աստուծմէ շնորհուած է իրենց», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ողջունեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն արձանագրած նուաճումները, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ապահովական այս զգայուն հանգրուանին եւ ահաբեկչական ծրագիրներուն լոյսին տակ` մաղթելով, որ առեւանգուած բանակայինները մօտիկ ապագային վերադառնան իրենց ընտանիքներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.