2015-05-08 09:37:00

Հռոմի Մարմեան Սրբավայրի ուխտագնացութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 9 մայիսի երեկոյեան, Մայիս ամսուայ ջերմեռանդութեան ծիրէն ներս, տեղի կ՛ունենայ  աւանդական հետիոտն ուխտագնացութիւնը դէպի ''Madonna del Divino Amore'' Աստուածային ողորմութեան Տիրամօր` սրբավայր որուն, երրորդ անգամուան համար  իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հռոմի համալսարանականները։

Ուխտագնացութիւնը սկիզբ կ՛առնէ ժամը 23.30-ին։ Ուղեւորութեան  ընթացքին պիտի յիշուին մեր ժամանակաշրջանի բռնութիւններուն զոհերը։ Երկրորդ հանգրուանին  աղօթքներ պիտի արտասանուին  հիւանդներուն համար եւ մասնաւորապէս ծանր հիւանդներուն համար ու առանձնութեան մէջ տառապողներուն համար։ Ուխտագնացութեան ուղեւորութիւնը պիտի փակուի Մարեմեան ուխտավայրին առջեւ, ուր առաւօտեան ժամը 5-ին` Հռոմի թեմի Համալսարանական Հովուական խնամակալութեան պատասխանատու եպիսկոպոսը` գերապայծառ Լորէնցօ Լէուցցին ուխտագնացութիւնը կ՛եզրափակէ մատուցանելով սուրբ պատարագի զոհը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.