2015-05-08 09:21:00

2015՝ Կրօնաւորական կեանքի տարի


Հարկ չկայ պատմական փաստերու հաստատելու համար հետեւեալ իրողութիւնը` թէ հայոց եկեղեցիին մէջ շատ կանուխէն գոնէ Գ-րդ դարէն յայտնապէս, իր պաշտօնէութեան առջեւ շարունակ բաց պահած է կրօնաւորական կեանքի երկոպ որոշ ուղղութիւններ, մին ամուսնաւոր իսկ միւսն ամուրի կամ կուսակրօն: Անցեալի մէջ այս երկուութիւնը համընդաց քալած է եւ իւրաքանչիւրն իր ուրոյն դերն ու եկեղեցական գործունէութեան բաժինը կատարած է` որքան կրնար:

         Կարելի չէ ուրանալ` թէ յետ լուսաւորչեան երկու դարերու ընթացքին Հայ եկեղեցականութեան կարեւորագոյն ներկայացուցիչներէն ոմանք ամուսնացեալներ էին, որոնք սակայն ընտանեկան վիճակէն հրաժարելով է` որ կ՛ընդգրկէին իրենց հրապարակային պաշտօնները. իսկ անոնք` որոնք ընդհակառակն ընտանիքի եւ հանրութեան հաւասար չափով եւ միեւնոյն ատեն նուիրուիլ ուզեցին, շատ քիչ անգամ զերծ մնացին ձախողանքէ: Յաջորդ շրջաններուն` հետզհետէ զօրացաւ ամուրի եկեղեցականութիւնը` իրեն վստահուած բարձրագոյն դիրքերով եւ կրօնական ընդարձակ իշխանութիւններով: 

         Եւ արդարեւ կուսակրօն կեանքին պայմանները միշտ լաւագոյն յարմարութիւններ կրցած են ընձեռել անհատին, թոթուելով անոր ուսերէն ընտանեաց զաւակներու աշխարհիկ հոգերն ու նիւթախնդրական կաշկանդումները, ասոնց փոխարէն ամէնուրեք անոր առջեւ բանալով մտաւոր զարգացման եւ եկեղեցական գործունէութեան համար արգաւանդ դաշտեր:

         Թէեւ ոչ մէկ ատեն եւ ոչ մէկ տեղ` ընդհանրապէս խօսելով` ամուրի եկեղեցականներու թիւը չէ գերազանցած ամուսնացեալ կղերինը, բայց նորէն վերջինս միշտ նկուն մնացած է առաջինին քով: Քահանաներու այս յետամնաց դիրքը ուղիղ կը համեմատի մեր ժողովուրդին ուսումնական, տնտեսական եւ այլ վիճակներուն եւ երկու դասակարգերէն, այն որ իր նախաւոր ծագումովն ու կոչումին հաւասար վսեմութեամբը պիտի կրնար դիւրաւ շահիլ ապրելու եւ միշտ աւելի բարձրանալու իրաւունքը, իր փայլը տուաւ միւսին (կուսակրօնութեան) ու ինքզինքը, անշուշտ ոչ-առանց լուրջ դեմակալութեանց, ենթարկեց անոր, վերապահելով իրեն` ծէսերը եւ արարողութեանց մենաշնորհը միայն: Այսուհանդերձ լոկ ինքը քահանայութիւնը չէ՛ իր ինկած դրութեանը պատասխանատուն: Իրեն հետ կարգ մը պատճառներ եւս հաւաքաբար` ուղղակի կամ անուղղակի գործակցած են այդ քայքայումին: ցաւ է ըսել, բարձրաստիճան կուսակրօններէ ոմանց փառամոլութիւնն ալ եռանդուն մասնակցութիւն մը ունեցած է աւելի եւս ճնշելու, նուաստացնելու համար մարմին մը, որ արդէն ինքնին կ՛անդամալուծուի, բեկեալ անօթի մը պէս կը փշրուի:

         Բայց ինչ որ ալ ըլլան շարժառիթները, յարգելով բացառութիւնները, իրողութիւն մըն է` որ քահանայական դասը երկար շրջաններէ ի վեր չէ կրցած իր ծոցէն հանել այնպիսի անձեր, որոնք թէ, թուով եւ թէ եկեղեցւոյ համար իրենց բերած մտաւոր, բարոյական եւ հոգեւոր նպաստեներուն առաւելութիւնով հաւասարէին կուսակրօններուն: Այս պատճառաւ, ժողովուրդը աւելի գոհ եղած էր կուսակրօններէն. վարդապետը կամ եպիսկոպոսը` իբրեւ աւելի գիտուն եւ հոգելից` յարգ գտած ու յառաջացած է:

Շարունակելի








All the contents on this site are copyrighted ©.