2015-05-07 12:09:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Տոմուս Սանթա Մարթայի Սուրբ Պատարագի Քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հինգշաբթի, մայիս 7ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի Սուրբ Պատարագի քարոզին բովանդակութիւնը եղաւ սիրոյ պատուիրանը

“Սէրը պէտք է ըլլայ թանձրացեալ, գործնական եւ պէտք է հաղորդակցի։ Նաեւ կրաւորներն ու կրօնաւորուհիները, որոնք փակարանի մէջ են, իրենք զիրենք չեն մեկուսացներ, այլ կը հաղորդակցին իրարու հետ։

Իսկական սէրը գործնական է եւ յարատեւ

Օրուան Սուրբ Աւետարանի պատգամը առնուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն (Յովհ ԺԵ. 9-11)։ Յիսուս կ’ըսէ՝ “որ մնանք իր սիրոյն մէջ”։ Իսկական եւ ոչ իսկական սիրոյ մէջ զանազանելու համար կան երկու չափանիշեր։ Առաջինը՝ սէրը խօսքերու մէջ չի կայանար՝ այլ գործերու մէջ։ Յիսուս ալ կ’ըսէ, աւելցուց Սրբազան Պապը, “ոչ թէ անոնք, որոնք կը գոչեն ’Տէր, Տէր’ պիտի մտնեն երկնքի արքայութեան մէջ, այլ անոնք, որոնք իմ Հօրս կամքը կատարած են եւ պատուիրանները պահած են։”

Սէրը կը փաստուի գործերու մէջ, եւ պարզ խանդավառութիւն չէ։ Սէրը շատ անգամ նաեւ ցաւալից է։ Սրբազան Քահանայապետը  յիշեց Յիսուսի սէրը մեզի հանդէպ։ Ան ցոյց տուաւ իր սէրը՝ կրելով խաչը։

Քրիստոնէութեան առաջին հերետիկոսութիւններէն մին եղած է Գնոստիկեան աղանդը՝ որ Աստուած կը նկատէր հեռու … ոչ գործող։ Մինչ Հօր Սէրը իր կատարումը գտած էր իր Որդւոյն մարդեղութեան մէջ։

Նաեւ կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ, որոնք փակարանի մէջ են՝ կը հաղորդակցին։ Այս խօսքով Սրբազան Պապը անցաւ սիրոյ երկրորդ չափանիշին, որ է “հաղորդակցութիւնը”։ Սէրը տալու եւ ստանալու մէջ կը կատարուի։ Չկայ սէր առանց հաղորդակցումի, չկայ մեկուսացեալ սէր։ Եթէ մեկուսացած է՝ ուրեմն սէր չէ՝ ըսաւ Սրբազան Պապը։ Ինքն իր մէջ փակուած ըլլալը՝ եսասիրութեան բարեպաշտիկ ձեւ մըն է։

Սրբազան Պապը փակեց իր քարոզը, ըսելով՝ “մնալ Յիսուսի սիրոյ մէջ՝ կը նշանակէ գործել, ատակութիւնն ունենալ հաղորդակցելու, երկխօսութեան՝ ըլլա´յ Տիրոջ հետ եւ կամ մեր եղբայրներուն հետ։”

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.