2015-05-07 10:00:00

Մալիի Եկեղեցին – Ակնարկ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 7 մայիս 2015-ի առաւօտեան Մալիի Հանրապետութեան եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։

Յայտնենք թէ Մալին` ափրիկեան հանրապետութիւն մըն է որուն բնակչութեան թիւը 14.5 մլն է։ Մալին եղած է ֆրանսական գաղութ և անկախութիւնը ձեռք բերած է 20 Յունիս 1960 թուականին։ Բնակչութեան 90  տոկոսը կը պատկանի նեգրոիդ ցեղին, որոնց մէկ մասը  9,5 առ հարիւրը պահպանած է  տեղական հաւատալիքները։ Իսլամները կը ներկայացնեն երկրին 85 տոկոսը, քրիստոնեաները` 2,5 որոնց 1,6ը կաթողիկէ են։

Կաթողիկէ եկեղեցին Մալիին մէջ ներկայ է մէկ արքեպիսկոպոսական եւ 5 եպիսկոպոսական թեմերով։ Քրիստոնէութեան քարոզչութիւնը սկսաւ Ափրիկէի առաքելութեան պատկան Սպիտակ հայրերու քարոզչութեամբ։ Անոնց առաջին առաքեալները տեղացի բնակիչներէն ջարդուեցան։ Անոնց յաջորդեցին Ս. Հոգւոյ միաբանութեան հայրերը, որոնք 20 Նոյեմբեր 1888-ին կարողացան հիմնել առաքելավայր մը Քիթայի մէջ։ 12 տարիներու ընթացքին Ս. Հոգւոյ միաբանութեան  հայրերը անխոնջ ու մեծ եռանդով աշխատեցան  հիմնաքարը հաստատելու Մալիի կաթողիկէ եկեղեցւոյ։

1895-ին Ափրիկէի առաքեալներ (Սպիտակ հայրերը) Սենեկալէն եկան ու հաստատուեցան Սեկու, նոր թափ տալով աւետարանութեան։

14 Սեպտեմբեր 1955-ին կը հիմնուի Մալիի եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը։ Պամագօ առաքելական Փոխանորդութիւնը կը դառնայ արքեպիսկոպոսական թեմ եւ գերապայծառ Luc–Auguste Sangaré կը դառնայ Մալիի առաջին եպիսկոպոսը։

1988-ին Մալիի եկեղեցին տօնախմբեց աւետարանութեան 100 ամեակը։

28-29 Յունուար 1990-ին  Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն կատարեց Մալիի քրիստոնեաներուն։

Մալիի Նորակազմ եկեղեցին կ’աշխատի պատշաճեցնել Աւետարանը երկրին մշակոյթին, ամրապնդել  հաւատացեալներուն հաւատքը ու երկխօսութիւն հաստատել իսլամներուն հետ, հակառակ ծայրայեղ մահմետականներու ներկայութեան։

Բնականաբար Ընտանիքը մեծ դեր մը ունի աւետարանութեան գործին մէջ։ Այդ տեսակէտով Մալիի եպիսկոպոսներուն համար ընտանիքը առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ եւ ասոր համար անոնք ատուկ ուշադրութեամբ կը պատրաստեն երիտասարդները ամուսնութեան խորհուրդին։ Եկեղեցին Մալիի մէջ  գնահատուած է պետական իշխանութիւններէն ու հետզհետէ կ’ամրապնդէ իր կապերը մահմետականներուն հետ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտին մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.