(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 6 մայիսին, Վատիկանի մէջ տեղի կ՝ունենայ Քահանայապետական պահակագունդի 32 Զուիցերացի նոր զինուորներու երդման արարողութիւնը։
Երդման արարողութիւնը կը կատարուի Վատիկանի Սան Տամազօ հրապարակին վրայ, ներկայութեամբ՝ Վատիկան քաղաքի` Քահանայապետի տեղակալ կարդինալ Անճելօ Պէչչիուի ։
Զորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկէն ողջունեց վերոյիշեալ զինուորներու ընտանեկան պարագաներն ու բարեկամները հայցելով բոլորին վրայ Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները` ու ամրապնդում՝ հաւատքի, սիրոյ եւ յոյսի։
Քահանայապետական պահակագունդի կազմաւորումը, սկիզբ առած է 22 յունուար 1506ին, երբ՝ 150 մարդուժէ բաղկացած Զուիցերացի զինուորներ, գլխաւորութեամբ Քասբար Վոն Սիլվէ հրամանատարին, խուճելով Հռոմ քաղաք մուտք գործեցին Քահանայապետական տարածք, ծառայութիւն մատուցանելու Խուլիօ Զ Քահանայապետին։
Նախապէս արդէն , 1479ին, Սիսթօ Ե Քահանայապետը, համաձայնութիւն մը կնքած էր Զուիցերական դաշնակցային պետութեան հետ , Զուիցերացի զինուորներ ունենալու իր պահակագունդին մէջ։
Պատմութեան հոլովոյթին, Զուիցերացի Քահանայապետական պահակագունդը , ոչ միայն պաշտպանած է Քահանայապետերը, այլ՝ մասնակցած է զանազան պատերազմներու, որոնց շարքին, 6 մայիս 1527ի պատերազմին, երբ` 189 Զուիցերացի զինուորներ, փրկած են Կղեմէս Է քահանայապետի կեանքը, առաջնորդելով զինքը ՝ Վատիկան քաղաքը եւ Քասթէալ Սանթ Անճէլօ միացնող՝ գետնափոր գաղտնի ճանապարհէ մը։
Քահանայապետական պահակագունդը կազմուած է 110 Զուիցերիացի կաթողիկէ անհատներէ։ Պահակագունդը ունի մէկ գնդապետ, երկու տեղակալ գնդապետեր, մէկ հազարապետ, մէկ խմբապետ եւ 51 գեղարդաւոր: Անոնց հասակը սկզբունքով 174 սանթիմեթր պէտք է ըլլայ:
Անոնց տարազը վերածննդեան ոճով է, կապոյտ, ոսկեգոյն եւ կարմիր գոյներով եւ կ՛ենթադրուի, որ ձեւագծուած է Միքելանճելոյի կողմէ: Երկրորդ անգամ ձեւագծուած է 1915-ին, գնդապետ Յուլիոս Ռեփոնի կողմէ:
Զինուորական ծառայութիւնը նուազագոյնը երկու տարի է, իսկ աստիճանի բարձրացում տեղի կ՛ունենայ չորս տարուան ծառայութենէ ետք:
All the contents on this site are copyrighted ©. |