2015-05-05 08:42:00

Ոչ պաշտօնական տուեալներով յայտնի է Արցախի նոր Խորհրդարանի կազմը։


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի վարչապետի մամուլի քարտուղար Արտակ Բեգլարեան Մայիս 3ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ոչ պաշտօնական նախնական տուեալները հրապարակած է` յայտարարելով «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան յաղթանակին մասին:

Ըստ «Արմէնփրես»»ի՝ Բեգլարեանը իր պլոքին մէջ գրած է, որ տուեալները Մայիս 4ի ժամը 03:00ի դրութեամբ են` ըստ որոշ ոչ պաշտօնական ու մօտաւոր կուսակցութիւներու հաշուարկներուն.

Ազատ Հայրենիք կուսակցութիւն – 47%

Ազգային Վերածնունդ կուսակցութիւն – 5 տոկոսի շեմին է

Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութիւն» – 19%

Լեռնային Ղարաբաղի Կոմունիստական կուսակցութիւն – 1.5%

Խաղաղութիւն եւ Զարգացում կուսակցութիւն – 1%-էն քիչ,

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն – 19%,

Շարժում-88 կուսակցութիւն – 6.5%:

 

Ըստ նախնական ոչ պաշտօնական տուեալներու` մեծամասնական ընտրակարգով յաղթածներուն ցուցակը հետեւեալն է.

1.Դաւիթ Մելքումեան (Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութիւն»)

Արսէն Առստամեան (անկախ)

3.Արզիկ Մխիթարեան (Ազատ Հայրենիք կուսակցութիւն)

4.Վահրամ Բալայեան (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն)

Վիտալի Բալասանեան (Շարժում-88 կուսակցութիւն)

Իւան Աւանեսեան (Ազատ Հայրենիք կուսակցութիւն)

7.Սերկէյ Յարութիւնեան (Ազատ Հայրենիք կուսակցութիւն)

8.Դաւիթ Իշխանեան (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն)

Արթուր Թովմասեան (Ազատ Հայրենիք կուսակցութիւն)

Լեռնիկ Յովհաննիսեան (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն)

11.Արմօ Ծատուրեան (Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն):

 

Բեգլարեանի տեղեկութիւններով` «որոշ ընտրատարածքներու մէջ կատաղի պայքար մղուած է, եւ չնչին տարբերութեամբ որոշ թեկնածուներ յաղթած են»: Բեգլարեանը իր ունեցած տուեալներուն հիման վրայ կը յայտարարէ, որ վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովի 33 տեղերը կը բաշխուին հետեւեալ համամասնութեամբ.

1.Ազատ Հայրենիք կուսակցութիւն – 15 աթոռ (11 համամասնական եւ 4 մեծամասնական)

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն – 7 աթոռ (4 համամասնական եւ 3 մեծամասնական)

3.Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութիւն – 6 աթոռ (4 համամասնական եւ 2 մեծամասնական)

Շարժում-88 կուսակցութիւն – 2 աթոռ (1 համամասնական եւ 1 մեծամասնական)

Ազգային Վերածնունդ կուսակցութիւն – եթէ 5%-ի շեմը յաղթահարէ վերջնական արդիւնքներով, ապա` 1 համամասնական աթոռ, այլապէս կուսակցութիւններէն մէկը կը ստանայ այդ մէկ աթոռը:








All the contents on this site are copyrighted ©.