2015-05-05 10:50:00

Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին նամակը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը շնորհաւորէ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ տիար Բակօ Սահակեանը Շուշիի ազատագրումին յիշատակին առթիւ, եւ ըստ  դիւան թիւ 111/15, 4 մայիսի նամակին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը գրէ.

 

 «Հայ ժողովուրդին համար Մայիսեան ճակատագրական յաղթանակներու ոսկեայ շղթային ամէնէն փայլուն օղակներէն մէկը,անտարակոյս, Շուշիի ազատագրումն է, որուն նշումը յատուկ նշանակութիւն կը զգենու այս տարի,  Հայոց ցեղասպանութեան100-րդ տարելիցին, որովհետեւ Շուշիի յաղթանակը կը հանդիսանայ  Հայոց պատմութիւնը նոր յաղթանակներով կերտելու մերժողովուրդի կամքին արտայայտութիւնը։ Այդ կամքին անպարտելի ուժը ցուցաբերեցին Շուշիի յաղթանակը կերտողազատամարտիկները։ Համայն հայ ժողովուրդը այսօր կոչուած է գործելու այդ ազատամարտիկներու ոգիով եւ օրինակով՝յաղթանակով պսակելու համար իր պահանջատիրական պայքարը, նաե՛ւ ի խնդիր Լեռնային ՂարաբաղիՀանրապետութեան միջազգային ճանաչման։ Մինչ այդ, վստահ ենք որ Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձի նշումինպարգեւած հպարտութիւնը պիտի մղէ մեր ժողովուրդին աշխարհասփիւռ զաւակները իրենց անխնայ զօրակցութիւնըցուցաբերելու Արցախի մեր ժողովուրդին՝ ի խնդիր անոր անկախ պետականութեան հզօրացման, որ երաշխիքն է ոչ միայն Արցախին, այլ համայն հայ ժողովուրդի անվտանգութեան։

 

Սիրելի Պարոն նախագահ, այս տրամադրութիւններով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ Արցախի մեր ժողովուրդը՝ հայկականպատմական բերդաքաղաքի ազատագրութեան 23-րդ տարեդարձին առիթով եւ մեր շնորհաւորութիւններուն կը միացնենք մերզօրակցութիւնն ու աղօթքը առ Աստուած՝ հայցելով Ամենակալին օրհնաբեր հովանին Արցախի մեր ժողովուրդին վրայ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.