2015-05-04 13:41:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ուղերձը Քոնկոյի Հանրապետութեան եպիսկոպսոներուն


Երկուշաբթի, 4 մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Քոնկոյի Հանրապետութեան եպիսկոպոսներուն, անոնց՝ Առաքեալներու շիրիմներուն կատարած հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց եպիսկոպոսներուն եւ խնդրեց իր շնորհակալութիւնը եւ ողջոյնը փոխանցել բոլոր քահանաներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն, քրիստոնէականի ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք Քոնկոյի մէջ կը գործեն Աստուծոյ արքայութեան տարածումին համար։

Սրբազան Հայրը յիշեց Քոնկոյի մէջ վերջերս հիմնուած երեք թեմերը իբր փաստ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կենսունակութեան։ Ան շեշտեց ընկերութեան, եւ յատկապէս ընտանիքներու ի նպաստ տարուած հովուական աշխատանքին, քահանաներու հանդէպ ցուցաբերուած խնամքին եւ քահանայական եւ կրօնաւորական կոչումներու արծարծման հարկաւորութեան վրայ։

Սրբազան Պապը յորդորեց՝ ցուցաբերել զօրակցութիւն եկեղեցիներու եւ թեմերու միջեւ, շեշտելով եկեղեցական միասնութիւնը։ Յատկապէս Սուրբ Աւետարանի քարոզութիւնը նկատեց իբր մեծ մարտահրաւէր մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.