2015-05-04 12:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդին


1547 թուականին՝  Հռոմի մէջ պատերազմի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետի

պաշտպանութեան ի խնդիր  զոհուած 147 զուիցերացի զինուորներու նահատակութեան

առթիւ Երկուշաբթի, 4 մայիսին, Վատիկանի մէջ սկիզբ առին յիշատակութեան ձեռնարկները որ կ՛աւարտին Չորեքշաբթի, 6 մայիսին։ Արդարեւ 6 մայիսի առաւօտեան ժամը 7.00ին. Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ , Վատիկանի պետքարտուղար կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինը  հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ ապա՝ յետմիջօրէին ժամը 5-00ին, Վատիկանի Առաքելական Պալատի Սան Տամազօ բակին մէջ , Վատիկանի Պետութեան Ֆրանչիսկոս Պապի տեղակալ, գերապայծառ Անճելօ Պէչչուի  ներկայութեամբ, 32 Զուիցերացի նոր զինուորներ կը կատարեն իրենց  երդման արարողութիւնը։ Արարողութեան ներկայ կը գտնուին, եկեղեցական եւ քաղաքական բարձրաստիճան  անձնաւորութիւնները։

Զուիցերական Պահակագունդի նոր զինուորներու երդման արարողութեան ու յիշատակումի ձեռնարկներու առթիւ, երկուշաբթի, 4 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում ունեցաւ  Զուիցերական պահակագունդի անդամներուն հետ ու անոնց ընկերացող ընտանեկան պարագաներուն հետ։ 

Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ անոնց ուղղած պատգամին մէջ բարձր գնահատեց Զուիցերացի զինուորներու բարեկամութիւնը, որ հիմնուած է  - ըսաւ Ան -  Քրիստոսի Սիրոյ վրայ։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Յիսուսեան միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլաին մասին, որ երիտասարդութեան շրջանին   եղած է զինուորական մը , ՝՝Սուրբ Իգնատիոս՝՝  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը զինուորականութիւնը  համարած է  որպէս''հետեւիլ Թագաւորի կոչին այսինքն Քրիստոսի, որ կ՝ուզէ կառուցել իր թագաւութիւնը եւ կ՝ընտրէ իր համագործակիցները''։

 

՝՝Տէրը՝՝, ըսաւ Սրբազան հայրը, ՝՝կարիքը ունի քաջ  անձերու եւ Քրիստոս՝ ճշմարիտ թագաւորն է։ Ան յառաջ կ՝ընթանայ եւ իր բարեկամները իրեն կը հետեւին։

Քրիստոսի զինուոր մը կը մասնակցի Տիրոջ կեանքին։  Այս է նաեւ ձեր կոչումը յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով ներկաները  իրենց  ուսերուն վրայ շալկել Քրիստոսի մտահոգութիւնները, եւ ըլլալ Անոր բարեկամները, եւ այս ընելու համար ապրիլ Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորհուրդները, մասնակցիլ Սուրբ Պատարագի  Զոհին եւ մօտենալ Խոստովանանքի խորհուրդին։

 

Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտեց  իր խօսքը՝ գնահատելով Զուիցերական պահակագունդի ազնիւ գործունէութիւնը ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ ուխտաւորներուն։ Դուք ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Աթոռի ազդանշանն էք ու ասոր համար ձեզի շնորհակալ եմ։ Գիտակից եմ թէ ձեր գործը ծանր է եւ գիտեմ թէ երբ աւելորդ գործեր կան ընելիք կրնանք ձեր վրայ վստահիլ։ Շնորհակալ եմ ու մեծապէս կը գնահատեմ ձեր յանձնառումը ի սպաս եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին ու յատկապէս շնորհակալ եմ ձեր աղօթքներուն եզրափակեց Ան խնդրելով որ շարունակեն աղօթել իրեն համար ու բոլոր ներկաները յանձնելով Զուիցերական պահակագունդի պահպան սուրբերու հովանիին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.