2015-05-04 13:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնի խօսքը Ուփսալայի Լուտերական Եկեղեւոյ առաջնորդին


Երկուշաբթի, 4 մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Շուէտիոյ Ուփսալա քաղաքի Լուտերական եկեղեցւոյ առաջնորդ, Դկտ. Անդյէ Ճաքելէնին։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը յիշեց 50 տարիներ առաջ յռչակուած Բ. Վատիկանեան Ժողովի համամիութենական Unitatis Redintegratio (Միութեան Վերահաստատումը) վճիռը, որ կը յորդորէր կաթողիկէ հաւատացեալները՝ ճանչնալ ժամանակի նշանները եւ ընթանալ միութեան ճանապարհին վրայ, գերազանցելով քրիստոնեաներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բաժանումները, որոնք ոչ միայն Քրիստոսի կամքին հակոտնեայ են՝ այլ եւ գայթաղկութիւն են աշխարհի համար եւ կը վնասեն Սուրբ Աւետարանի քարոզութեան։

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ 2017 թուականի Լուտերականներու յիշատակելի թուականը, եւ այդ առթիւ կատարուելիք միջեկեղեցական միջոցառումներու ծրագիրը։ Ան Շեշտեց եկեղեցիներու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը մարդասիրական մարզի վրայ՝ որովհետեւ բազմաթիւ են աշխարհի շուրջ գոյութիւն ունեցող տառապանքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.