2015-05-04 10:30:00

Քուպան յոյսով ու խանդավառութեամբ կը պատրաստուի ֆրանչիսկոս Պապը ընկալելու։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 22-28 Ապրիլ կարդինալ Սթելլա` այցելութիւն կատարեց Քուպայի ու հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ռաուլ Քասթրոյի հետ մինչ Վատիկանը պաշտօնապէս կը հաղորդէր ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քուպայի այցելութեան լուրը յառաջիկայ Սեպտեմբեր ամսոյն մէջ։ Կարդինալ Սթելլան իր այս այցելութեան մասին զեկոյց ունեցաւ Ռատիովատիկանի հետ հաղորդելով իր տպաւորութիւնները։ Այցելութեանս ընթացքին, ըսաւ կարդինալը, շատ տպաւորուած մնացի Քուպայի եկեղեցւոյ մեծ եղբայրակցութեան երեւոյթէն։ Այդ եկեղեցին հակառակ իր անցեալի ու ներկայի դիմագրաւած բազմազան դժուարութիւններուն անդորր եւ ուրախ հոգեվիճակ ունի։ Քուպայի ժողովուրդը խառնուածքով լաւատես է ու վստահութեամբ կը դիմագրաւէ կեանքը։ Վստահութիւն ունի Աստուծոյ վրայ, ինչպէս նաեւ` եկեղեցւոյ ու ազգին ղեկավարներուն վրայ։

Գալով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այցելութեան, պէտք եմ ըսել թէ այս առընչութեամբ  հետաքրքրութիւնը մեծ է ։ Կը խորհիմ որ Սրբազան Հօր այցելութիւնը եկեղեցական ապրումի մեծ պահ մը պիտի հանդիսանայ, մեծ հաղորդակցութիւն մը ու մեծ յոյս մը կղզիի բոլոր բնակիչներուն համար եւ մասնաւորապէս հաւատացեալներուն համար։ Չմոռնանք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը տեղացի մըն է եւ լաւ կը ճանչնայ Լատինամերիկայի կեանքն ու մշակոյթը։ Քաղաքական գետնի վրայ ԱՄՆի ու Քուպայի նախագահները հրապարակաւ ճանչցան ֆրանչիսկոս Քահանայապետին մեծ դերը երկու երկիրներու հաշտութեան ի խնդիր։ Ան իր աղօթքը ու ամբողջ իր սիրտն ու հանճարը դրաւ հաշտեցնելու երկու երկիրները։ Կարեւորը որ այժմ Քուպայի եպիսկոպոսական դասը գիտնայ իր պատասխանատուութիւնը ստանձնեն ու կարողանայ երկխօսութիւն հաստատել երկրի իշխանութիւններուն հետ, որպէսզի երկու պետութիւններու մօտեցումը շարունակուի ու զարգանայ եւ դրական արդիւնքներու հասնի, հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն - յայտնած է Կարդինալ Սթելլան Վատիկանի Ձայնասփիւռին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.