2015-05-04 10:42:00

Հարաւային Ամմանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Լուրտի Տիրամօր քարայրին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յորդանանի մայրաքաղաքէն 24 քլմ. հեռաւորութեան վրայ, Յիսուսի ս. Սրտի նոր ժողովրդապետութեան կից, շաբաթ` 2 Մայիս  2015-ի յետմիջօրէին բացումը կատարուեցաւ Լուրտի Տիրամօր քարայրին, Մարեմեան ս. Վարդարանի աղօթքով եւ պատարագով մատուցուած գերապայծառ Մարուն Լահամէն` տեղապահը Երուսաղէմի լատին պատրիարքութեան։

Ան օրհնեց նոր քարայրը ֆրանսայի Լուրտի Տիրամօր քարայրէն բերուած օրհնեալ ջուրով։

Կիրակի 3 Մայիսին Պատրիարք Թուալ այցելութիւն կատարեց Լուրտի Տիրամօր քարայրին եւ այս առթիւ գլխաւորեց ս. Վարդարանի աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.