2015-05-02 13:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապի մասնակցութիւնը Զուիցերական Պահակագունդի տօնախմբութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 1 մայիս 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Վատիկանի գերեզմանատան մատրան մէջ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` կարդինալ Փարոլինը մատուցեց Սուրբ Պատարագի արարութիւնը ու կատարեց Զուիցերական Պահակագունդի նոր դրօշակի օրհնութիւնը։

Յետ սուրբ արարողութեան, Զուիցերական Պահակագունդի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի  ունեցաւ ''ռազմական'' հանդէսը որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը­, որ ունկնդրելէ ետք Զուիցերական պահակագունդի նորանշանակ հրամանատար` ՔրիստոՖ Կրաֆի ճառը, իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն հաստատելով թէ Հրամանատարը ըլլալու է միութեան, սիրոյ եւ հեզութեան մարդ ու մաղթանք յայտնելով որ նոր հրամանատարը հայրական հոգատարութիւն ունենայ իր զինուորներուն նկատմամբ։ Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց վերյիշելով Զուիցերական պահակագունդի նշանաբանը` ''Քաջութիւն եւ Միութիւն''ու ապա իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց  պահակագունդի անդամներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ արարողութեան ներկայ գտնուող հիւրերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.