2015-05-02 12:13:00

Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի քարոզը Պաղտատի Սուրբ Յովսէփի անուան մայր տաճարին մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, մայիսի 1ին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Նախագահ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝ Պաղտատի Սուրբ Յովսէփի անուան մայր տաճարին մէջ, Սուրբ Պատարագի ընթացքին հաւատացեալներուն ուղղած է իր քարոզը։

Ողջունելէ ետք ներկայ հոգեւորականները եւ հաւատացեալները՝ կարդինալ Սանտրի յորդորած է հաւատացեալները նորոգել վստահութիւնը ի Քրիստոս՝ ըլլա´յ անհատական կեանքի մէջ թէ իբր Եկեղեցի՝ խնդրելով՝ որ Յարուցեալը մեր սրտերուն մէջ զեղու Մխիթարիչ Սուրբ Հոգիին պարգեւները։

Մխիթարիչ Սուրբ Հոգին, որ միշտ մեր մէջ կը մնայ՝ մեզ կ’առաջնորդէ ընդունելու եւ հասկնալու Աստուծոյ խօսքին խորքը։ Կարդինալ Սանտրի անդրադարձաւ Սուրբ Պատարագին Գործք Առաքելոցի ընթերցուածին (Գործք ԻԶ.)՝ ուր կը պատմուի Սուրբ Պօղոս Առաքեալի մասին, որ կը գտնուէր ատեանի դիմաց։ Պօղոս Առաքեալի յոյսը՝ Քրիստոս՝ պատճառն էր անոր ամբաստանութեան եւ բանտարկումին։

Ծիրանաւորը յորդորեց հաւատացեալները՝ լսել Աստուծոյ խօսքը, որ մեզի կը յայտնուի Առաքեալներու եւ անոնց յաջորդներու միջոցաւ։ Ապա ան յիշեց Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքին հալածուած եւ սպաննուած այն բազմաթիւ քրիստոնեաները, որոնք վերջին ամիսներուն զոհը եղած են անորակելի բռնութիւններու։

Կարդինալ Սանտրի աղօթեց՝ որ Սուրբ Հոգին ազատէ սրտերը հակակրութեան, ատելութեան եւ վրիժառութեան որեւէ հետքէ եւ նորոգէ մեր մէջ այն ապահովութիւնը՝ որ խաչեցեալ եւ յարուցեալ Քրիստոս՝ փրկիչ եւ նորոգող է ամէն ինչի։ Ապա փակեց իր քարոզը ըսելով՝ “Կ’աղաչենք Տէր, տուր մեզի համբերութիւն եւ ընդարձակէ մեր սրտերը փրկութեան քու խոստումիդ յոյսով։”








All the contents on this site are copyrighted ©.