2015-04-30 09:08:00

ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը խոստացաւ զօրակցիլ Լիբանանին։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերերջանիկ Պշարա Ռայի` Մարոնի պատրիարքը Փարիզ կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ  ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Հոլլանտին հետ Էլիզէ պալատին մէջ։ Առանձնական հանդիպումը տեւեց 40 վայրկեան։ Պատրիարքը, որպէս նախագահ Միջին Արեւելքի համահաւաք դասի պատրիարքներու ու եպիսկոպոսներու խորհուրդին, Ֆրանսայի նախագահէն խնդրեց աւելի յանձնառում Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար ընդգծելով որ Արեւելքի քրիստոնեաները բնաւ պիտի չընդունին այլ հայրենիք մը։ Հանդիպումի աւարտին նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն  մը որուն մէջ կ՛ընդգծուի նախագահ Հոլլանտի  զօրակցութիւնը ու հաստատ յանձնառումը Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան ի խնդիր։ Հաղորդագրութիւնը նոյնպէս կը յայտնէ ֆրանսայի վճռակամութիւնը օգնութեան հասնելու Լիբանանի ի տես լիբանանեան  տագնապին եւ սուրիացի փախստականներու երկրին մէջ ներկայութեան Սուրիոյ զինեալ ընդհարումներու պատճառաւ։ Դիւանագէտներու գնահատումով նախագահ Հոլլանտ հաստատած է որ պիտի կրկնապատկէ  իր ջանքերը օգնելու Լիբանանին`  քաղաքական, տնտեսական ու մարդկայնական մարզերուն մէջ, նկատի ունենալով որ ֆրանսայի բարեկամ Լիբանանը` ի վիճակի չէ առանձին դիմագրաւելու  Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքները։

Պատրիարքը իր կարգին խնդրեց որ փակուին ահաբեկիչներուն ֆինանսաւորումի աղբիւրները։








All the contents on this site are copyrighted ©.