2015-04-30 11:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Անկիլքան – Կաթողիկէ յանձնախումբի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի` 30 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անկիլքան – կաթողիկէ միջազգային յանձնախումբի անդամները եւ այս առթիւ անոնց  ուղղած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ Պապը ակնարկեց երկու եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան ծագումին` 1966-ին, Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Ռամզէյ Արքեպիսկոպոսի միջեւ կայացած պատմական հանդիպումին, որ սկիզբ տուաւ Անկլիքան - Կաթողիկէ միջազգային առաջին յանձնախումբին, որուն կէտնպատակն է, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, յանձն առնել ''լուրջ երկխօսութիւն մը, զոր հիմնուած Աւետարաններու եւ հինաւուրց միասնական աւանդութիւններու վրայ, առաջնորդէ դէպի այն ճշմարիտ միութեան, որուն համար Քրիստոսը աղօթեց''։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց յանձնախումբին հրատարակելիք հինգ յայտարարութիւններուն հայող Անկլիքան - Կաթողիկէ երկխօսութեան եւ գնահատանք յայտնեց անոնց` մինչեւ օրս տածած աշխատանքին համար, ընդգծելով համամիութենական երկխօսութեան կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։

''Հակառակ դժուարութիւններուն չենք կրնար վհատիլ, այլ պէտք ենք միշտ աւելիով վստահիլ Սուրբ Հոգիին զօրութեան որ կարող է մեզ բժշկել ու հաշտեցնել եւ իրագործել այն ինչ որ մարդկայնօրէն անկարելի է'' ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ ''մեզ միացնող կապ մը արդեն գոյութիւն ունի. Տարբեր եկեղեցիներու եւ աւանդութիւններու պատկանող Քրիստոնեաներու վկայութիւնն է, որոնք թիրախ են  հալածանքներու եւ բռնութիւններու իրենց դաւանած հաւատքի պատճառաւ։ Այս մարտիրոսներու արիւնը, մեզ կը հրաւիրէ ունենալու Աւետարանի աւելի հետեւողական յանձնառում մը ու ճիգ, վճռակամօրէն իրագործելու այն ինչ որ Տէրը կ՛ուզէ իր Եկեղեցւոյ համար։ Այսօր աշխարհը շտապ կարիքը ունի քրիստոնեաներու միասնական եւ ուրախ վկայութեան, սկսեալ կեանքի ու անհատի արժանապատուութեան պաշտպանումէն անցնելով խաղաղութեան եւ արդարութեան զարգացումին։

''Միասնաբար հայցենք Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները որպէսզի կարող ըլլան քաջութեամբ պատասխանելու ''ժամանակներու նշաններուն'' որոնք բոլոր քրիստոնեաները կը հրաւիրեն միութեան եւ միասնական վկայութեան'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու մաղթանք յայտնեց որ Սուրբ Հոգին ներշնչէ անոնց գործունէութիւնը։

Երեկոյեան` միշտ Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն կը շնորհէ ''Քրիստոնէութեան արհեստանոց'' կազմակերպութիւններու նախաձեռնած հաւաքի մասնակիցներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.