2015-04-30 11:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Իտալիոյ Քրիստոնէական կեանք հասարակութեան անդամներուն հետ։


Հինգշաբթի, 30 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 11.45-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ ՝՝Իտալիոյ Քրիստոնէական կեանք հասարակութիւն'' կոչուած կազմակերպութեան անդամներուն հետ, որոնք Հռոմի մօտակայքը գտնուող Ֆրասքաթիի մէջ գումարած են  ՝՝պատնէշներէն անդին՝՝ խորագիրով իրենց ազգային համաժողովը։

Ֆրանչիսկոս Պապ, այս առթիւ անոնց ուղղած խօսքին մէջ, յայտնեց թէ Ինքը քաջ գիտէ, որ հասարակութեան  անդամները ունին զօրաւոր  հոգեւորական ու առաքելական հոգի։

Ապա ակնարկելով հասարակութեան համաժողովին որդեգրած ՝՝պատնէշներէն անդին՝՝ խորագիրին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց երեք կէտէր։

Առաջին՝ յանձնարարեց անոնց  տարածել արդարութեան եւ խաղութեան մշակոյթը՝ ընդդէմ՝   անարդարութեան , կաշառակերութեան եւ պատերազմներու՝  ընդհանուր  հասարակութեան բարիքին ի սպաս։

Երկրորդ՝ ընտանիքի հովուական գործունէութիւնը, Նորին Սրբութիւնը  քաջալերեց անոնց օժանդակելու թեմի պատկանող  հասարակութիւններուն՝ առաջնահերթ նկատելով՝ ընտանիքը, որ է բջիջը ընկերային կեանքին։

Երրորդ՝ միսիոնարականութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատանք յայտնելով Իտալիոյ ՝՝Քրիստոնէական կեանք հասարակութեան՝՝ եւ  ՝՝Իտալացի ուսանողներու միսիոնարական միութեան՝՝  միջեւ՝ վերջերս  գոյացած համագործակցութեան  նկատմամբ,  քաջալերէց զանոնք յարատեւելու իրենց առաքելութեան մէջ շրջանցնելով աշխարհի յետին սահմանները՝ զօրակցութիւն ցուցաբերելու  բոլորին ու յատկապէս ամենէն կարիքաւորներուն հանդէպ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճարի աւարտին, հասարակութեան անդամներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրելով անոնցմէ, որ աղօթեն իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.