2015-04-30 08:50:00

ՄԱԿ-ի WFP սննդեղէնի համաշխարհային հաստատութեան շտապ օգնութիւնը Նեփալի ժողովուրդին։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿ-Ի WFP սննդեղէնի համաշխարհային հաստատութիւնը, չորեքշաբթի, 29 ապրիլին,  հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց որուն միջոցաւ  տեղեկացուց, թէ ՄԱԿ-ի սննդեղէնի համաշխարհային կազմակերպութիւնը շտապ օգնութիւն կազմակերպած է օգնութեան հասնելու համար Նեփալի մէջ երկրաշարժի հետեւանքով՝ վերապրող ժողովուրդին։

Երեքշաբթի, 28 ապրիլին, աղէտի վայրը  արդէն հասած են սննդեղէնի փոխադրական կարգեր ։  Համաշխարհային կազմակերպութեան կարծիքին համաձայն, յառաջիկայ երեք ամիսներու ընթացքին, կը նախատեսուի,  թէ  1.4 միլիոն մարդիկ՝ սննդեղէնի   կարիքը պիտի ունենան, որ համազօր է  116.5 միլիոն դրամարժէքի։

Կազմակերպութիւնը յայտնած է նաեւ, թէ  Ճամբաներու կործանումի պատճառաւ, փոխադրական գործունէութիւնը պահովելու համար ստիպուած են դիմել են ինքնաթիռներու ։

Նշենք թէ ՄԱԿ-ի  WFP համաշխարհային հաստատութիւնը՝ մարդասիրական ամենամեծ կազմակերպութիւնն է որ կը պայքարի անօթութեան դէմ՝ շտապ օգնութիւն հասցնելով աղքատ հասարակութիւններուն,  բարելաւելու համար անոնց  սննդական իրավիճակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.