2015-04-30 08:41:00

Կարդինալ Սանտրիի ճարը Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն նուիրուած զեկոյցին։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, իր մասնակցութիւնը բերաւ Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող միջազգային ժողովին`(29-30 Ապրիլ), կազմակերպուած Սանդ`Էճիտիօ հասարակութենէն, ‘’Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներ, ի՞նչպիսի ապագայ մը’’ նիւթին մասին։

Այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Կարդինալը մատնանշեց  Պարի քաղաքի իւրայատկութեանը, որ դարերէ ի վեր իր ակնարկը կ’ուղղէ դէպի Արեւելք, հանդիսանալով հանդիպումի քառաթեւ մը`  ժողովուրդներու, մշակոյթներու, տնտեսութեան, այնպէս որ անոր բնակիչները դաստիարակուած են օտարը չնկատել որպէս ‘’տարբեր’’, ու անոր հասարակութիւնը կազմուած է քրիստոնեաներէ, հրեաներէ ու մահմետականներէ։

Այս քաղաքին մէջ միասնաբար կը բնակին կաթողիկէներն եւ օրթոտոքսները ու միասին վկայութիւն կու տան իրենց հաւատքին` Յիսուս Քրիստոսի մէջ - ըսաւ Կարդինալ Սանտրի ու աւելցուց ''երախտապարտ ենք Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, որ Յովհաննէս Մկրտիչի նման անապատին մէջ անխոնջ կ’աղաղակէ պաշտպանելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները եւ այսօրուայ Հերովդէսներուն ըսելու ‘’ներելի չէ սպաննել’’։ Եւ ի՞նչ ըսել այսօրուայ միջազգային հասարակութեան որ Պիղատոսի նման ձեռքերը կը լուայ  յաչս ողբերգութիւններուն որ տարիներէ ի վեր կը գործադրուի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։ Տարակոյս չկայ որ միջազգային հասարակութեան անտարբերութիւնը պտուղն է շահերու, իշխանութեան ու հարստութեան ձգտումին։ Ասիկա գայթակղութիւն մըն է։ Յիշենք որ Տէրը այսօր կ’ըսէ երկրի բոլոր  կայէններուն. ''Ի՞նչ ըրիր, քու եղբօրդ արեան ձայնը գետինէն ինծի կ՛աղաղակէ’’։ 

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը ապա ըսաւ. ''կարելի չէ խօսիլ Միջին Արեւելքի կայունութեան մասին առանց խօսելու իսրայէլ - պաղեստին բարդ հարցին մասին։ Տարակոյս չկայ որ Միջին Արեւելքի բոլոր հասարակութիւնները ներառեալ Իսրայէլը պէտք են գոյութիւն ունենալ, պաշտպանուիլ եւ սպառնալիքներու չենթարկուիլ։ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հովիւներու պարտականութիւնն է այդ ուղղութեամբ աշխատիլ քարոզելով ներումը ու ողորմութիւնը հակառակ պարագային զարմանալու չենք եթէ այդ աշխարհամասին մէջ կը բազմապատկուի ՏԱՀԵՇի խելագար  իշխանութիւնը, որ  կը վայելեն նեցուկը (զէնք ու հարստութիւն) շարք մը շահախնդիր ոյժերու։

Կարդինալ Սանտրի խօսքը եզրափակեց շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք մը ուղղելով Պարիի առաջնորդին որ ամէն ջանք ու ճիգ կը թափէ օգնութեան հասնելու գաղթականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.