2015-04-30 09:23:00

Արամ Ա.Կաթողիկոսի եղբայրական սիրոյ եւ գնահատանքի խօսքը Վատիկանի մէջ 12 ապրիլ 2015


Ներկայ պահը հոգեւոր ապրումներով եւ իւրայատուկ պատգամով լեցուն պահ մըն է

մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ։ Այս հոգեպարար առիթով պիտի ուզէինք

երեք յատկանշական երեւոյթներու անդրադառնալ հակիրճ կերպով։

Ա) Առաջին հերթին Մեր եղբայրական սէրը ու երախտագիտութիւնը կ’ուզենք յայտնել

Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, որ մեծապէս գնահատելի

նախաձեռնութիւնը ու իմաստուն որոշումը ունեցաւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր

Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանելու Հայոց Ցեղասպանութեան

մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին։ Ինչպէս Առաքեալը կ’ըսէ, «կեանքը

Քրիստոս է, եւ ուստի մեռնիլ՝ այդ կեանքը շահիլ կը նշանակէ» (Փիլ. 1, 21)։ Մեր

նահատակները ա՛յս գիտակցութեամբ մեռան եւ՝ ապրեցա՛ն, մեր մէջ ապրեցնելով

քրիստոնէական հաւատքը։ Այսօր, մեր նահատակները կը պատկանին Քրիստոսի

Աւետարանին համար իրենց արիւնը թափած «բազմաթիւ վկաներու» շարքին (Եբր. 12, 1)։

Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակները իրենց խոր հաւատքով, վառ յոյսով ու

պայծառ տեսիլքով՝ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով շաղախեցին ու

առաջնորդեցին մեր կեանքը անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին։ Ինչպէ՞ս չյիշել սա

պահուն երկրորդ դարու եկեղեցւոյ մեծ հայրերէն Տերտուղիանոսի հետեւեալ բառերը, թէ՝

«նահատակներու արիւնը աւիշը դարձաւ եկեղեցւոյ» կեանքին ու վկայութեան։ Մեր

մէկուկէս միլիոն նահատակներու հաւաքական սրբացումը վստահաբար աւելի պիտի

ամրապնդէ մեր ժողովուրդին հաւատարմութիւնը քրիստոնէական հաւատքին եւ մեր

նահատակներու նուիրական կտակին։

Բ) Ձերդ Սրբութիւնը քիչ առաջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց «Եկեղեցւոյ

Վարդապետ» (Doctor Ecclesiae)։ Այս առիթով, Մեր հոգեւոր ցնծութիւնը կ’ուզենք յայտնել Ձեզի,

ինչպէս նաեւ եղբայրական Մեր ջերմ գնահատանքը՝ Ձեր գլխաւորութեամբ Կաթողիկէ

Եկեղեցւոյ իշխանութեան կողմէ առնուած այս որոշումին համար։ Արդարեւ, էքիւմենիք

իմաստով խոր նշանակութիւն ունեցող այս քայլը, որ վստահաբար աւելի՛ պիտի ամրապնդէ

դարերու մէջ արմատացած մեր եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութիւնը ու միջ-

եկեղեցական գործակցութիւնը։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի ո՛չ միայն Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյն

սուրբերէն է, այլ նաեւ՝ համայն քրիստոնէութեան։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի մեծ բանաստեղծ

է, Սուրբ Գրոց խորաթափանց մեկնաբան ու մանաւանդ իւրայատուկ աստուածաբան մը, որ

չխօսեցաւ, ինչպէս սովոր են աստուածաբաններ, Աստուծոյ մասին, այլ խօսեցաւ Աստուծոյ

հետ, մարդ-Աստուած երկխօսութիւն մը ստեղծելով։ Նարեկացին կը մնայ եկեղեցւոյ ու

ժողովուրդին յաւիտենական ժամանակակիցը։

Գ) Վերջապէս, Ձերդ Սրբութիւն, սա պահուն յիշելով ու յիշատակելով Հայոց

Ցեղասպանութեան նահատակները, նաեւ մենք կը վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը՝ ի

խնդիր արդարութեան վերականգնման։ Արդարութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է տրուած

մարդուն։ Արդարութեան բռնաբարումը մեղանչում մըն է Աստուծոյ դէմ։ Հայոց

Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին արդար ու

անտեղիտալի պահանջքն է։ Անցնող հարիւր տարիներուն մենք հաւատարիմ մնացինք մեր

պահաջատիրութեան։ 100-ամեակը Հայոց Ցեղասպանութեան մեզ կը հրաւիրէ ամրապնդելու

մեր հաւատքն ու կամքը՝ ի խնդիր արդարութեան։

Ինչպէս 20-րդ դարու այս առաջին ցեղասպանութեան, նաեւ անցեալի ու ներկայի բոլոր

ցեղասպանութիւններուն նկատմամբ եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ։ Կաթողիկէ

Եկեղեցին միշտ եղած է հայ ժողովուրդի կողքին։ Մենք չենք մոռնար Ձեր նախորդներէն

Պենետիքթոս 15-րդ Պապին գրած նամակը 1915-ին Թուրքիոյ Սուլթանին, բողոքելով հայ

ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած ջարդերուն դէմ։ Մենք երախտագիրութեամբ կը յիշենք

Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն զանազան կերպերով Վատիկանի

ցուցաբերած աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին ու անոր արդար դատին նկատմամբ, ինչպէս

նաեւ՝ զանազան առիթներով Ձեր արտայայտած յստակ կեցուածքը։ Վերջերս Վատիկանի

արխիւներուն հրատարակութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է այս ուղղութեամբ։

Մեր եղբայրական սէրը ու շնորհակալութիւնը կ’ուզենք յայտնել Ձեզի այս առիթով

Մեզի յղած Ձեր եղբայրական հրաւէրին համար։ Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ նորանոր

իրագործումներով հարստացնէ Ձեր ծառայութիւնը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.