2015-04-30 09:17:00

Աստուածամօր նուիրուած Մայիս ամիսը և Զմմառու վանքի Ուխտի Օրը


Մայիս ամսուայ ընթացքին՝ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը մեզի կը յիշեցնէ Աստուածամօր եւ Յիսուսի կեանքէն կարեւոր հանգրուաններ, որոնք կապ ունին մեր փրկութեան հետ: Ամէն օր, կը կատարուի Ս. վարդարանի ջերմեռանդութիւնը մեր երկնաւոր մօր: Մարիամ, որ Յիսուսի մայրն է, ապահով ճամբաներով մեզ կ'առաջնորդէ դէպի Յիսուս, որպէսզի մեր կեանքը լուսաւոր ըլլայ, որպէսզի սխալ ճամբէ չընթանանք, որպէսզի լաւ հասկնանք Աստուծոյ կամքը:
Այս սրբազան և օրհնեալ ամսուայ պսակումը կը հանդիսանայ Զմմառու վանքի Ցաւագին Տիրամօր ուխտի օրը, որ այս տարի կը զուգադիպի Կիրակի 31 Մայիսին: Զմմառու վանքը մեծ հանդիսաւորութեամբ կը տօնէ այս ուխտի օրը, քանի որ այս պատմական վանքը նուիրուած է Տիրամօր: Ծանօթ է բոլորիս, թէ Զմմառու Տիրամայրը 265 տարիներուն ընթացքին ի՛նչպիսի հրաշքներ գործած է իրեն դիմող միաբան հայրերուն և ուխտաւորներուն: Զմմառու պատմական վանքը իր հիմնադրութեան օրէն (1749), Տիրամօր նուիրուած ուխտավայր մը եղած է, ուր ամէնազգի քրիստոնեայ հաւատացեալներ, ամէն տարի շարան շարան ուխտի կու գան: Այս Ուխտի Օրուան առթիւ` Եկեղեցին և բարեպաշտ ժողովուրդը յարգանքի տուրք, մեծարանքի արտայայտութիւն, սիրոյ հաւաստիք և խնկաբոյր աղօթքներ կ'ընծայեն Երկնքի Դշխոյին: Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին, թող Աստուածամօր հովանին տարածուի մեր հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն վերեւ և զանոնք հեռու պահէ ամէն փորձանքէ և տառապանքէ:
Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը սիրով կը հրաւիրէ բոլոր հայորդիները մասնակցելու Աստուածածնայ ամսուայ աւանդական Ուխտի Օրուան՝ 31 Մայիս 2015-ին, կազմակերպութեամբ՝ վանքին Վարչութեան եւ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Ս. Միքայէլ և Երանելի Մալոյեան դպեվանքերու ժառանգաւորներուն, Ս. Մեսրոպի Արիներուն և ՀԿՄ Պատանեկան Միութեան:
Ս. Աստուածածնայ նուիրուած սրբազան արարողութիւնները տեղի կ'ունենան Զմմառու Վանքին գլխաւոր հրապարակին վրայ: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին՝ հանդիսաւոր թափօր, ապա Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետական Ս. Պատարագ կը մատուցանէ: Սրբազան երգեցողութիւնը կը կատարէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Մանուէլ Քէշիշեանի:
Իսկ յետմիջօրէին՝ ժամը 3:00-ին, Վարդարանի աղօթք:
Բարեպաշտ ուխտաւորներուն համար փոխադրամիջոցները ապահովուած են Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետներուն մօտ:
Կը ծանուցանենք նաեւ թէ 31 Մայիս 2015-ին, Ուխտի Օրուան առիթով, վանքի կազդուրման զբօսայգին պիտի բանայ իր դռները բոլոր այցելուներուն առջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.