Հնազանդութիւնը` կրօնաւորական կեանքի ամենագլխաւոր պարտականութիւնն է: Յիսուսի տուած օրինակը` հնազանդութիւնը, իր կեանքի գլխաւոր նկարագիրն եղաւ, եւ իր բացած արքայական ճանապարհը մեզի համար հաստատեց: Այնպէս որ Աւետարանի բովանդակ բարոյականը կարող ենք հնազանդութիւն բառին մէջ ամփոփել:
Սուրբ Պօղոսի համեմատ` օրէնքներու լրումը սէրն է, եւ այդ սէրը երկնքի համար որեւէ արժանիք չունի, եթէ հնազանդութիւնը անոր վրայ իր դրոշմը չկնքէ:
Յիսուս կ՛ըսէ. «Եթէ իմ պատուիրաններս պահէք, կը մնաք իր սիրոյս մէջ. ինչպէս ես իմ Հօրս պատուիրանները պահեցի եւ կը մնամ անոր սիրոյ մէջ:
Հնազանդութիւնը բարոյական եւ գերբնական առաքինութիւն մըն է, որ մեզ կը մղէ մեր կամքը ենթարկելու օրինաւոր մեծաւորներու կամքին` որպէս Աստուծոյ ներկայացուցիչներ:
Եթէ մարդս պարտական է Աստուծոյ հնազանդիլ, գիտենք արդէն որպէս բանական արարածներ, որպէս որդի Աստուծոյ, որպէս մեղքերու գըրութենէն փրկուածներ, որ մենք պարտական ենք Աստուծոյ եւ Յիսուսին:
Սուրբ Պօղոս կորնթացիներուն կ՛ըսէ. « չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները ստացած էք Աստուծմէ, եւ դուք ձեր տէրը չէք, քանզի մեծ գինով գնուեցաք»:
Յիսուսի կեանքին մէջ մեզի սորվեցուցած բոլոր դասերուն մէջ ոչ մէկը այնքան պարզ եւ զօրաւոր չէ, որքան հնազանդութեան դասը: Ան հնազանդելու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ասելով.«Հայր, քու կամքդ կատարուի, եւ փառքը քուկդ թող ըլլայ յաւիտեան»:
Իր ծառայութեան ընթացքին, ան կրեց գայթակղութիւններ, սակայն ուշադրութիւն չդարձուց անոց:
Երբ մենք կ՛ապրինք աւետարանին համաձայն, հնազանդութեան մեր հասկացողութիւն կ՛աճի: Երբեմն մենք կարող ենք գայթակղիլ, գործադրելով, բնական մարդու հնազանդութիւնը, ըստ որուն մենք անհնազանդութեամբ կը մերժենք Աստուծոյ օրէնքը յօգուտ մեր իմաստութեան կամ ցանկութիւններուն, կամ նոյնիսկ հանրաճանաչութեան: Քանի որ ասիկա լայն կիրառութիւն ունի շատերու կողմէն, հնազանդութեան այս աղավաղումը կը պակասեցնէ Աստուծոյ չափանիշները մեր մշակոյթին ե մեր կեանքին:
Ոմանք կը հնազանդին ընտրողաբար, քանի որ չեն կրնար ըմբռնել պատուիրանի բոլոր պատճառները, ճիշտ ինչպես երեխաները միշտ չէ, որ կը հասկնան իրենց ծնողներու խորհուրդները եւ օրէնքներու պատճառները:
Երբ հնազանդութեան վերաբերեալ մեր հասկացողութիւնը կը խորանայ, մենք կը հասկնանք ազատ ընտրութեան հենակետային նշանակութիւնը: Երբ Յիսուս Գեթսեմանիի այգիին մէջ էր, Ան երեք անգամ աղօթեց Իր Երկնային Հօր. « Հայր իմ, եթէ կարելի չէ, որ այս բաժակն ինձմէ անցնի առանց զայն խմելու, քու կամքդ թող ըլլայ: Աստուած չշրջանցեց Փրկչին ազատ ընտրութիւնը, այլ Ան ողորմածաբար հրեշտակ ուղարկեց, որ ամրացներ Իր Սիրելի Որդին:
Հոգեւորապէս հասուն հնազանդութիւնը ,Փրկչի հնազանդութիւնն է: Ան կը հիմնուի Երկնային Հօր եւ Անոր Որդիին հանդէպ անկեղծ սիրոյ վրայ: Երբ մենք յօժարութեամբ կը հնազանդինք, ինչպէս ըրաւ մեր Փրկիչը, մենք կը փայփայենք մեր Երկնային Հօր խօսքերը. Այս է իմ սիրելի որդին, որուն ես հաճեցայ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |